Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մշակոյթի ու Դպրութեան Նուիրուած Տօն Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն Մերոց

October 8, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ եկեղեցին Խաչվերացի չորրորդ կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը կը նշէ Սուրբ Թարգմանչաց տօնը:

Թարգմանչաց տօնը կը խորհրդանշէ հայերէն գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, թարգմանչաց շարժումը եւ հայ դպրութեան սկզբնաւորումը:

Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետացն մերոց անուան տակ կը տօնուի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոր աշակերտներուն` Եղիշէի, Մովսէս Խորենացիի եւ Դաւիթ Անյաղթի, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի եւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի յիշատակը:

***

Հայաստան 301-ին քրիստոնէութիւնը ընդունեց իբրեւ պետական կրօն: Սակայն եկեղեցական ծիսական արարողութիւնները կը կատարուէին յունարէն եւ ասորերէն լեզուներով: 387-ին Հայաստան բաժնուած էր պարսիկ Սասանեան կայսրութեան եւ Բիւզանդական կայսրութեան միջեւ: Պարսկաբաժին Հայաստանի մէջ կը գոյատեւէր Արշակունեաց թագաւորութիւնը, բայց անուանական կերպով` ենթակայ ըլլալով արքայից արքայի գերիշխան կամքին: Հայ ժողովուրդին երկու հատուածները հետզհետէ կ՛օտարանային իրարմէ, եւ ձուլման վտանգը կը սպառնար ազգի գոյութեան:

Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս եւ հոգեւոր ու աշխարհիկ մեծամեծներ որոշեցին հայերէն գիր ու դպրութիւն ստեղծել, քրիստոնէութիւնը հայացնել եւ մշակոյթ կերտել, ձուլման վտանգը չէզոքացնելու եւ հայ ազգին յաւերժութիւնը ապահովելու նպատակով:

Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետին կողմէ հայերէն գիրերու գիւտէն ետք` 404-406-ին, սկսաւ Թարգմանչաց շարժումը:

Վռամշապուհ արքային աջակցութեամբ սկսած Թարգմանչաց շարժումը գլխաւորեցին Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս, Մեսրոպ Մաշտոց եւ անոնց աշակերտները` Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ, Կորիւն, Եզնիկ Կողբացի, Դաւիթ Անյաղթ, Յովսէփ Պաղնացի, Ղեւոնդ Վանանդեցի, Յովհաննէս Եկեղեցացի, Մամբրէ Վերծանող եւ Ղազար Փարպեցի:

Առաջին անգամ թարգմանուեցաւ Աստուածաշունչը` ասորերէն եւ յունարէն բնագիրներէն: Առաջին թարգմանուած ու հայերէն գրուած նախադասութիւնն է` «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»: Թարգմանութիւնը այնքան կատարեալ եղաւ, որ նկատուեցաւ «Թագուհի թարգմանութեանց»:

Թարգմանուեցան նաեւ ծիսական, հայրախօսական, վկայաբանական, վարքագրական, կանոնական եւ պատմական երկեր:

Թարգմանական գրականութիւնը հիմք ստեղծեց հայ ինքնուրոյն` մեկնողական, աստուածաբանական, դաւանաբանական, իմաստասիրական եւ պատմական գրականութեան ստեղծման համար:

Հայկական առաջին դպրոցը բացուեցաւ Վաղարշապատի մէջ: Այնուհետեւ դպրոցներ բացուեցան տարբեր գաւառներու մէջ:

Վաղարշապատի մայր դպրոցը եկեղեցական գործիչներ, ուսուցիչներ ու քարոզիչներ կը պատրաստէր, որոնք լուսաւորական գործունէութիւն կը ծաւալէին Հայաստանի չորս ծագերուն:

Վաղարշապատի մայր դպրոցը եւ միւս դպրոցները հիմք հանդիսացան հայ գրականութեան ու մշակոյթի զարգացման եւ հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման:

Թարգմանչաց շարժումը խթան հանդիսացաւ հոգեւոր երաժշտութեան զարգացման: Առաջին հոգեւոր երգերը կցուրդներն են, որոնք հիմք հանդիսացան հայ ազգային շարականերգութեան:

 

Նախորդը

Միջնադարեան Հայ Կեանքի Թարգմանչաց Շարժումը

Յաջորդը

Թարգմանչաց Ոգին Իւրաքանչիւր Հայ Անհատի Մէջ

RelatedPosts

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Անդրադարձ

Քեսապն… Ու Հեղեղները

November 11, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

November 11, 2026
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.