Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի անդրադարձած է ազրպէյճացի զինուորներու կողմէ հայ պատերազմական գերիները գնդակահարելու տեսանիւթին:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Ժոլի «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ հայ պատերազմական գերիները մահապատիժի ենթարկելու մասին հաղորդումները խորապէս մտահոգիչ են:
«Նման բռնութեան մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին, իսկ շրջանը պէտք է վերադառնայ կայուն կացութեան», գրած է Ժոլի:


