Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԱԱՊՏԱՅԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ ՈՒՆԵՑԱՒ ԴՌՆՓԱԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ

April 2, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռայի պատրիարքը, նախագահ Սլէյման եւ Սֆէյր պատրիարքը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի նորընտիր պատրիարք Պշարա Ռային, ինչպէս նաեւ նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրը, որոնց ընկերակցեցան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդներ Ռոլան Ապու Ժաուտէ եւ Սեմիր Մազլում եպիսկոպոսները:

Նախագահ Սլէյման դարձեալ շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը` անոր մաղթելով յաջողութիւն իր ստանձնած նոր պարտաւորութեան մէջ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման դրուատեց Սֆէյր պատրիարքին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը, որ տեւեց քառորդ դար եւ որ դրսեւորուեցաւ մարոնի եկեղեցւոյ պատմութեան եւ լիբանանեան ազգային կեանքին մէջ:

Այս ծիրին մէջ, նախագահ Սլէյման Սֆէյր պատրիարքը պարգեւատրեց Մայրիներու ազգային շքանշանով եւ անոր մաղթեց առողջութիւն ու երկար կեանք:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Ռայի պատրիարքին հետ ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան հանրապետութեան նախագահութեան եւ պատրիարքութեան վերաբերող միացեալ հարցեր:

Նախագահ Սլէյման ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ նախագահական պալատ այցելող պատրիարքական պատուիրակութեան:

Այլ գետնի վրայ, նախագահ Սլէյման ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ալի Շամին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան աշխատանքը` Ապիտժանէն լիբանանցի քաղաքացիները տուն վերադարձնելու առումով:

Այս իմաստով նախագահ Սլէյման Շամիէն խնդրեց արագացնել Ապիտժանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն թափը, որպէսզի կարելի ըլլայ Ապիտժանի լիբանանեան գաղութին անվտանգութիւնը երաշխաւորել:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանեան դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ, որ նախագահին ներկայացուց դրամատնային մարզին ընդհանուր կացութիւնը` շեշտելով, որ այդ մարզը առողջ է եւ հակամէտ է յաւելեալ բարելաւում արձանագրելու` պահպանելու համար լիբանանեան թղթոսկիին կայունութիւնը:

 

Նախորդը

ՊԸՐՐԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԱՍԻՆ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՅ

Յաջորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 4 ԱՊՐԻԼ 2011 )

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.