Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին ինք առաջարկած է լուծումներ այն խոչընդոտներուն, որոնք կ՛արգելակեն Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:
Պըրրի մերժեց այն յայտարարութիւնները, թէ կան արտաքին շարք մը թնճուկներ, որոնք կը խոչընդոտեն կառավարութեան կազմութիւնը:
«Միքաթիի կազմելիք կառավարութիւնը ի վերջոյ ցամաք պիտի հասնի եւ անոր ծնունդը կարելի պիտի ըլլայ յայտարարել», եզրափակեց ան:
Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահը ընդունեց Զահլէի եւ Պեքաայի քաղաքապետութեանց համադաշնակցութեան նախագահ Իպրահիմ Նասրալլան` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի քաղաքապետական եւ թաղապետական հարցերու ընդհանուր պատասխանատու Պասսամ Թլէյսի, ինչպէս նաեւ Ամալ շարժումի Պեքաայի պատասխանատու Մուսթաֆա Պալանիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պեքաայի եւ Զահլէի կարիքները եւ այդ շրջաններուն մէջ որդեգրուելիք բարգաւաճման ծրագիրները:


