Հայաստանի Հանրապետութեան, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ գործող եռակողմ աշխատանքային խումբը գրեթէ երկու տարուան ընթացքին քրտնաջան մեծ աշխատանք կատարած է: Բանակցութիւններու բերմամբ կողմերը ունին երթուղիներու տեսլական, որոնց իրականացումը կրնայ յանգեցնել շրջանի ապաշրջափակման: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ «Ռոսիսքայա Կազեթա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:
Սակայն, ըստ Օվերչուքի, ճամբաներ բանալ կամ կառուցել կարելի է միայն այն բանէն ետք, երբ կողմերը յստակօրէն պիտի որոշեն երկիրներու միջեւ սահմանը կտրելու իրաւական դրութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ ճամբով երթեւեկի կարգը:
«Կարեւոր է, որ բանակցութիւններու ընթացքին մշակուած է սկզբունք մը, որ հիմք հանդիսացած է այդ դրութեան սահմանման մօտեցումներու համար: Սկզբունքը այսպէս կը հնչէ. «Ճամբու նկատմամբ գերիշխանութիւնը կ՛իրականացուի այն երկրին կողմէ, որուն տարածքով այդ ճամբան կ՛անցնի»: Ատիկա կը նշանակէ, որ եթէ ճամբան կ՛անցնի հայկական տարածքէն, ապա ատիկա հայկական ճամբայ է, եթէ ազրպէյճանական տարածքէն կ՛անցնի` ազրպէյճանական: Ռուսիան միշտ պաշտպանած է կողմերու գերիշխանութեան սկզբունքը եւ յստակ կերպով կը հետեւի երեք երկիրներու ղեկավարներու` 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի յայտարարութիւններու դիրքորոշումներուն:
«Ատիկա կը նշանակէ, որ փոխվարչապետներու եռակողմ աշխատանքային խումբի բանակցութիւններուն մէջ «արտատարածքային միջանցք»-ի մասին, որ որեւէ կերպ պիտի խախտէ կողմերէն ոեւէ մէկուն գերիշխանութիւնը, ոչ մէկ խօսք կայ եւ կրնայ ըլլալ», ընդգծած է Օվերչուք:
Ռուսիոյ փոխվարչապետին համաձայն, գործնականին մէջ այդ սկզբունքի իրագործումը կը նշանակէ, որ ապաշրջափակուած կամ նոր կառուցուած ճամբաներէն Հայաստան մուտք գործելու համար պիտի կիրարկուին սահմանային եւ անձնագրային հսկողութեան այնպիսի միջոցներ, ինչպիսիք, ըսենք, Իրանէն Հայաստան մուտք գործելու ընթացքին կը կիրարկուին: Անձնագրային հսկողութիւնը նոյն ձեւով պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանէն Ազրպէյճան մուտք գործելու ընթացքին:
«Բացի ատկէ, կը քննարկուին կողմերու ազգային օրէնսդրութիւններուն համապատասխան ճամբաներու օգտագործման վճարունակութեան, ինչպէս նաեւ մէկ երկրի տարածքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութեան ապահովման հարցերը:
«Կը թուի, թէ բոլոր կողմերը այսօր ունին այդ հարցերու գործնական իրականացման կարելիութեան ըմբռնումը` առանց որեւէ կողմի գերիշխանութեան ոտնահարման: Սակայն բանակցութիւնները պիտի աւարտին միայն այն ժամանակ, երբ լիակատար վստահութիւն յառաջանայ, որ բոլոր իրաւական երեւոյթները հաշուի առնուած են, ոչինչ բաց ձգուած է, եւ ոչ ոք ձեռք բերուած արդիւնքը իբրեւ հակառակ կողմի վրայ յաղթանակ պիտի մեկնաբանէ: Բանակցութիւններու յաջող աւարտը պիտի ըլլայ բոլոր կողմերուն հասարակաց յաղթանակը», նշած է Օվերչուք:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ եռակողմ աշխատանքային խումբը կ՛աշխատի, որպէսզի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը կտրելու դրութիւնը ըլլայ այնպէ՞ս, ինչպէս բոլորը վարժուած են սովորաբար տեսնել բնական յարաբերութիւններ ունեցող երկիրներու միջեւ, Օվերչուք ըսաւ. «Շատ ճիշդ էք: Մենք ատոր կ՛երթանք»:


