Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկած Են Շրջանին Մէջ Գոյութիւն Ունեցող Կացութիւնը, Ներառեալ Եռակողմ Յայտարարութիւններու Իրականացումը

September 29, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ նախարարները քննարկած են շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը, ներառեալ եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացման առնչուած հարցեր:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է նաեւ երկու պետութիւններու համագործակցութեան օրակարգի արդի հարցերու եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Լաւրով իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ քննարկած է դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրի գործադրումը: «Նախարարները երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող արդիական հարցեր քննարկած են` շեշտը դնելով Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ 22 փետրուար 2022-ին կնքուած դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրի կէտերուն իրագործման վրայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարները նաեւ քննարկած են Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը:

Երկու կողմերը համաձայնած են աշխուժացնել համապատասխան աշխատանքը: Անոնք ներկայացուցած են միջազգային եւ շրջանային օրակարգի առանձին հարցերու շուրջ իրենց դիրքորոշումները:

Նախորդը

Ֆրանսան Պատուիրակութիւն Մը Հայաստան Պիտի Ուղարկէ` Ազրպէյճանի Յարձակումին Պատճառով Ստեղծուած Կացութիւնը Գնահատելու Համար

Յաջորդը

Սպիտակ Տան Մէջ Սալիվընի Նախաձեռնութեամբ Գրիգորեան-Հաճիեւ Հանդիպում

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.