Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞վ Պիտի Կերտէ Ազգային Միասնականութիւնը

Սեպտեմբեր 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Արդէն անցած են երկու օրեր Ամենայն Հայոց հայրապետի նախաձեռնութեան վրայէն, եւ դեռ բաւարարող ոչ մէկ զեկոյց դրուած է հանրութեան սեղանին: Լռութիւնը խլացնող է:

Առայժմ չկայ որեւէ նշան, որ թելադրէ, թէ գոյացած է համաձայնութիւն` Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներուն միջեւ ներկայ պահու ազգային միասնականութեան եզրերը սահմանող: Մինչ այդ թշնամին մտած է մեր հողերէն ներս: Թշնամին արդէն խլած է հարիւրաւոր զոհեր: Թշնամին կը սփռէ ցեղասպանական իր ոճիրը ամէնուրեք: Թշնամին տեղահան կ՛ընէ մեր ժողովուրդը: Եւ,  ամէնէն ահաւո՛րը, ան կը վայելէ մեծապետական ուժերու բացայայտ կրաւորականութիւնը: Եւ այս բոլորին դիմաց` փաշինեանական համակա՛րգը, որ ողբալիօրէն անատակ է երկրին տիրութիւն ընելու եւ պատրաստ է անձնատուութեան, նահանջի, դաւաճանութեան: Պարզ է, որ դանակը հասած է ոսկորին: Մի՛ զարմանաք ուրեմն, երբ ժողովուրդը կ՛անհամբերի եւ պատասխաններ կը պահանջէ:

Համացանցի աղբիւրներէն կը լսենք, որ այս դանդաղկոտութեան պատճառը նախ. Լեւոն Տէր Պետրոսեանի տարակարծութիւններն են, որոնք ընթացք տուած են բուռն քննարկումներու: Իրեն կը վերագրուի «գագաթաժողով»-ի տեղքայլը: Պէ՞տք է, հետեւաբար, ենթադրել, որ գործընթացը արդէն մտած է փակուղի: Պէ՞տք է եզրակացնել, որ երկրի աւագանին չարաչար ձախողած է ազգին հանդէպ իր բարոյական մեծ պարտաւորութեան մէջ: Ես կ՛ուզեմ հաւատալ, որ այդ չէ պարագան: Կ՛ուզեմ պնդել, որ, ընդհակառա՛կն, գործընթացը ամրապնդման ընթացքի մէջ է…

Ես կը կարծեմ, թէ կը դիմենք դէպի մէկ շրջադարձային հանգրուան: Ես համոզուած եմ, որ հակառակ նախագահներու միջեւ դրսեւորուող տարբերութիւններուն` այնուամենայնիւ նախագահներու այս աննախընթաց ժողովը կենսական կը համարէ փաշինեանական համակարգի շուտափոյթ, բայց նաեւ անցնցո՛ւմ լուծարումը: Հետեւաբար պէտք է անպայման ակնկալել, որ ժողովը ներկայիս գտնուի վարչապետ Փաշինեանի հետ թէժ բանակցութիւններու բովին մէջ` ապահովելու համար այս վերջինի անմիջական հրաժարականը: Կը կրկնե՛մ. ես համոզուած եմ, որ թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ՛ ժողովին մասնակիցները հրամայական կը համարեն կանխել որեւէ հաւանական քաոս` իշխանափոխութիւն իրագործելու բովին մէջ: Այսօր երկրին առջեւ ծառացող մեծ մարտահրաւէրն է յաղթահարել այս տագնապը` առանց սպառելու երկրին ներուժային պաշարները ներքին խռովութեանց ճակատին վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողապէս դիմագրաւել պատերազմի սպառնալիքը, որուն դամոկլեան սուրը կախուած է երկրին վրայ: Իմ կարծիքով, մենք` որպէս պետականութիւն եւ որպէս ազգ, պերճանքը չունինք ժամավաճառութեան: Եթէ կան տարակարծութիւններ նախագահներու միջեւ, կարեւոր է, որ անոնք արագօրէն հարթուին` հնարաւոր դարձնելով ազգային միասնականութեան գոյաւորումը առանց այլլեւայլի:

Բայց անշուշտ հնարաւոր է, որ նախագահներու «գագաթաժողով»-ը իսկապէս գտնուի փակուղիի մէջ, եւ մենք չունենանք միաձայնութիւն էական հարցերու ոլորտին մէջ: Եթէ այս է կացութիւնը, զոր կը դիմագրաւենք ներկայիս, պէտք է ցաւիլ այդ փաստին համար, բայց` բնաւ կանգ չառնել հոն:

Ազգային միասնականութիւնը չ՛ենթադրեր տեսակէտներու լիակատար նոյնութիւն բոլորին կողմէ: Ան անկասկած կ՛ենթադրէ հասարակութեան գլխաւոր շերտերու կարողութիւնը գերամեծար նպատակներու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու: Այս իսկ պատճառով ազգային միասնականութեան խարիսխը պէտք չէ անպայման փնտռել նախկին նախագահներու ոլորտին մէջ: Բնականաբար ազգը մեծապէս կը շահի, եթէ անոնք իրենց բարոյական հեղինակութեամբ յաջողին միաձայնութիւն գոյացնել հայ անկախ պետականութեան յենարան հանդիսացող արժեհամակարգի եզրերուն, հայոց հայրենիքի տարածքային ամբողջականութեան եւ մեր երկրի լինելիութեան հիմնական սկզբունքներուն վրայ: Բայց եթէ կարելի չեղաւ հասնիլ նմանօրինակ միաձայնութեան, թող յստակօրէն հնչէ մեծամասնութեան ձայնը եւ վե՛րջ: Ի վերջոյ ազգային միասնականութիւնը պիտի կերտուի ոչ այնքան նախագահներու, այլ երկրի քաղաքական ուժերու միակամութեան յայտարարին վրայ: Եւ զայն կերտողները պիտի ըլլան այն գործօն ուժերը, որոնք կը ցուցաբերեն քաղաքական ամուր կամք` երկրի լինելիութեան դատին ոտքով-ձեռքով նուիրուելու: Եւ բարեբախտաբար կա՛ն այդ ուժերը: Իմ կուսակցութիւնս առաջին օրէն եւ անվերապահօրէն կը գտնուի անկեղծ զինուորի այդ դիրքերուն վրայ:

Ազգը երախտապարտ է վեհափառ հայրապետին իր այս կարեւոր նախաձեռնութեան համար: Մեր պատմութեան այս ճակատագրական պահը մենք պիտի դիմագրաւենք մեծագոյն իմաստութեամբ եւ մեծագոյն խիզախութեամբ: Եւ այսօր է, որ մենք պիտի կարենանք սահմանել եւ նուիրագործել մեր ազգային միասնականութիւնը իր բոլոր էական գործօններով:

Մեր ակնկալութիւնն է, որ վեհափառ հայրապետի ներկայ նախաձեռնութեան յաջորդ քայլը անյապաղ ի մի բերէ երկրի բոլոր գլխաւոր քաղաքական ուժերը հակաճգնաժամային վճռորոշ օրակարգի մը շուրջ: Օրակա՛րգ, որ, առաջին հերթին, ընդգրկէ ` (ա) փաշինեանական համակարգի լուծարումը, (բ) բանակի վերակազմաւորումն ու վերապարենաւորումը եւ (գ) ազգային ընդհանուր զօրաշարժի անյապաղ իրագործումը:

Ժամանակը մերը չէ: Ժամանակը թշնամիին կը պատկանի: Մենք զայն պիտի խլենք արագ ու վճռական քայլերով եւ խիզախենք ինչպէս միշտ: Քանի որ ժամանակն է վերստին ազատագրելու մեր սրբազան հայրենիքը թշնամիին ճանկերէն: Ժամանակն է վերստին կերտելու մեր յաղթանակը: Եւ Տէր ընդ մեզ:

25 սեպտեմբեր, 2022

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Տոմս. Ներէ՛, Ո՛վ Տէր

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?