2023-ին տեղի ունենալիք Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, ԺԲ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի հաւաքականը երէկ աւարտեց իր ելոյթը, երբ իր կատարած երրորդ եւ վերջին մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պիելոռուսիոյ հետ:
Հայաստանի հաւասարութեան կոլը նշանակեց Վարդան Թովմասեան (64-րդ)` Պիելոռուսիոյ նշանակած կոլէն չորս վայրկեան ետք:
Նշենք, որ հայրենի կազմը իր կատարած առաջին մրցումին 5-0 արդիւնքով պարտուած էր Գերմանիայէն, ապա` Սլովաքիայէն` 2-0 արդիւնքով:
Արձանագրելով երեք յաղթանակ` Գերմանիա 9 կէտով գրաւեց խմբակին առաջին դիրքը, Սլովաքիա 4 կէտով` երկրորդ դիրքը, Պիելոռուսիա 2 կէտով` երրորդ դիրքը, մինչ Հայաստան կէտով մը միայն` վերջին դիրքը:


