Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ յստակացան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա լիկա») 2022-2023 տարեշրջանի առաջին «Քլասիքօ»-ի մրցումին օրն ու ժամը:
9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Ռէալ Մատրիտ 16 հոկտեմբերին իր դաշտին` «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ պիտի հիւրընկալէ փոխախոյեան Պարսելոնան:
6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Ռէալ Մատրիտ 18 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մինչ Պարսելոնա 16 կէտով` երկրորդ դիրքը:


