Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ երէկ հասաւ Տապլին (Իրլանտա), այսօր` երեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին կը կատարէ իր 6-րդ եւ վերջին մրցումը` 2023 տարուան «Ազգերու Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, երբ Բ. դասակարգի Ա. խմբակին ծիրին մէջ կը մրցի դաշտին տիրոջ` Իրլանտայի դէմ:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներուն, հայրենի կազմը, որ արձանագրած է յաղթանակ մը միայն, երեք կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ եւ վերջին դիրքը:
Հայաստանի համար այսօր յաղթանակը պիտի ըլլայ անհրաժեշտ` նկատի ունենալով, որ նոյնիսկ հաւասարութեան մը պարագային պիտի փոխադրուի Գ. դասակարգ:
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուեցաւ սլովենիացի Ռատէ Օպրենովիչ:
Կողմի եւ չորրորդ իրաւարարները, ինչպէս նաեւ «ՎԱՐ» համակարգին իրաւարարները եւս պիտի ըլլան Սլովենիայէն: