Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի եւ Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթա նախորդ շաբաթավերջին իրարու հետ ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը եւ քննարկած Մեսսիի հաւանական վերադարձը քաթալոնական ակումբ:
Անոր վերադարձին գծով տարուող աշխատանքներուն մէջ կարեւոր դեր կրնայ խաղալ Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Չաւի, որ իր կարգին կը փափաքի աշխատիլ Մեսսիի հետ:
Նշուեցաւ, որ Լափորթա ֆութպոլիստէն ներողութիւն խնդրած է 2021-ի ամրան իրավիճակին համար, որուն պատճառով Մեսսի չկրցաւ երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը եւ ընդունեց փարիզեան ակումբին առաջարկը:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, Մեսսի եւ Լափորթա իրարու հետ պայմանաւորուած են նոյեմբեր-դեկտեմբերին Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալէն ետք սկսիլ պայմանագիրի շուրջ առարկայական բանակցութիւններու:
Նշենք, որ 35 տարեկան Մեսսիի պայմանագրութիւնը Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը: