Աշխարհի ախոյեան, միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն տիրացաւ «Ժուլիոս Պայեր Ճենըրէյշըն Քափ» առցանց ճատրակի մրցաշարքի տիտղոսին:
Հնդիկ Արճուն Էրիկայիսիի դէմ իր կատարած աւարտական ճակատումին երկրորդ օրը, նորվեկիացին արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Առաջին օրը Քարլսըն արձանագրած էր 2,5-0,5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէր 150 հազար ամերիկեան տոլար:


