Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ պատմական նուաճում մը արձանագրեց Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ, երբ Աւստրիոյ դէմ կատարուած «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին նշանակեց իր կազմին երեք կոլերէն մէկը (3-1) եւ Խրուաթիոյ հետ ապահովեց փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:
Մոտրիչ, որ 6-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, այսպիսով հանդիսացաւ Խրուաթիոյ հաւաքականին հետ կոլ նշանակած ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը. ան 37 տարեկան եւ 16 օրական էր:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Նիքօ Քովաքին, որ կոլի հեղինակ դարձած էր 36 տարեկան եւ 327 օրական:
Քովաք Խրուաթիոյ հետ ելոյթ ունեցած է 1996-2009 ժամանակամիջոցին: