Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած թենիսի «Լէյվըր Քափ»-ի մրցաշարքը աւարտեցաւ աշխարհի հաւաքականին յաղթանակով, որ այսպիսով առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Անիկա Եւրոպայի հաւաքականին դէմ արձանագրեց 1-6, 7-6 եւ 10-8 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենար հինգերորդ անգամ ըլլալով: Նախապէս չորս անգամ տիտղոսակիր դարձած էր Եւրոպայի հաւաքականը:
Եւրոպայի հաւաքականէն ելոյթ ունեցան Ռոժէ Ֆետերեր, Ռաֆայէլ Նատալ, Նովաք Ճոքովիչ, Էնտի Միւրէյ, Սթեֆանոս Ցիցիփաս եւ ուրիշներ, իսկ աշխարհի հաւաքականէն` Թէյլոր Ֆրից, Ֆրենսիս Թիաֆոյէ, Տիեկօ Շվարցման եւ ուրիշներ: