Սպանական Սեւիլլա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Սպանիոյ պասքեթպոլի տղոց գերբաժակի մրցաշարքին իրարու դէմ մրցեցան երկրին ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող կազմերը` Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ:
Մրցումին չորս քորթըրները աւարտեցան հաւասարութեամբ` 71-71 արդիւնքով:
Երկարաձգման ընթացքին, Ռէալ Մատրիտ արձանագրելով 89-83 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ Սպանիոյ գերբաժակակիր:
Այսպիսով, Ռէալ Մատրիտ յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով կը հանդիսանայ տիտղոսակիր, մինչ Պարսելոնա յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով պարտութիւն կը կրէ: