Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եղբայր Ժիրայր

Սեպտեմբեր 24, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Եղբայր Ժիրայր,
Ընկեր   Ժիրայր,
Պարոն Ժիրայր,

Եղբայր Ժիրայր Սարգիսեանի պարագային այս բոլոր ածականները իրենց հետեւողները ունէին:

Եղբայր Ժիրայրը այն անձնաւորութիւնն էր, որուն համար ամէն մարդ նոյնն էր, բնաւ մարդու մէջ վատ բան չէր ուզեր տեսնել: Միշտ լաւատես էր:

Եղբայր Ժիրայրին համար ՀՄԸՄ-ի Սկաուտին դաւանանքը առօրեայ ուղեցոյց էր. «Միշտ օգնել ուրիշին եւ գործել բարիք մը ամէն օր»: Եղբայր Ժիրայրը երբ օգնութիւն կը ցուցաբերէր աջ ձեռքով, ձախ ձեռքը չէր իմանար: Ան քիչ գտանելի անձնաւորութիւն էր: Ափսո՜ս, կորսնցուցինք նման թանկագին եղբայր մը:

Եղբայր Ժիրայրը այն քիչ մարդոցմէ էր, որուն ներկայութեան չէինք համարձակեր գովասանքի խօսքեր արտայայտել իր մասին:

Հայաստանի իր վերջին այցելութիւնը կարծես հրաժեշտի այցելութիւն էր:

Սիրելի՛ եղբայր Ժիրայր, այս անգամ չկրցանք վայելել Հայաստանի բնութիւնը եւ երգել  «Երազ իմ երկիր հայրենի», «Երազ Սեւան, ծարաւ իմ Սեւան»: Երբեք պիտի չմոռնամ  վերջին օրուան մեր բաժանման պահը: Քու տանջալի ցաւերուդ մէջ իսկ չէիր ուզեր ուրիշին ցաւ պատճառել, միշտ ժպտելով կ՛ուզէիր ձեւացնել, որ ամէն ինչ լաւ է, ինչպէս` քու նկարագիրդ: Երբ ըսիր` դուն քեզի լաւ հոգ տար, ժպիտը դէմքիդ ցտեսութիւն ըսինք իրարու… Անմոռանալի ժպիտ:

Մեր յիշատակներէն քանի մը դրուագ կ՛ուզեմ ներկայացնել:

Եղբայր Ժիրայրը իմ սկաուտ պատասխանատուս եղած է Յունաստանի Միջազգային Ճամպորի բանակումին, 1963-ին, նոյն ատեն ծանօթացած եմ եղբայր Սուրէն Մուրատեանին, եղբայր Ճանիկ Ոսկերիչեանին, եղբայր Աքելլային եւ շատ ուրիշներու: Սկաուտական երգերը եղած են իմ կեանքիս հարազատ մասը, զանոնք սորված եմ վերը յիշած եղբայրներէս: Երբ Հայաստան հաստատուեցայ, ուզեցի այդ երգերը անմահացնել` ձայնասկաւառակ մը պատրաստելով: Մանկապատանեկան  «Տարօն» երգչախումբին սորվեցուցի երգերը, եւ երբ եղբայր Ժիրայրին յայտնեցի, որ այսպիսի ծրագիր մը ունիմ, ըսաւ` «Ես միշտ պատրաստ եմ», եւ հովանաւորեց ծախսերը  ՀՄԸՄ-ի 90-ամեակին առիթով:

Խարբերդի մանկատան լողաւազանը խորհրդային ժամանակներէն մնացած, քանդուած վիճակի մէջ էր (Վանայ լիճի) պատկերով կազմուած: Ամբողջութեամբ արդիական ձեւով վերականգնեցաւ` տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեաններու նուիրատուութեամբ:

Օշական գիւղի «Փայլակ Բաբգէնեան» դպրոցը եւ Սան Ֆրանսիսքոյի «Գռուզեան-Զաքարեան», «Վասպուրական» դպրոցները քոյր դպրոցներ են: Օշականի դպրոցը ջեռուցում չունէր, երբ իմացուցինք եղբայր Ժիրայրին, իր թոռան` Շանթին վկայականի նուէրները յատկացուց  դպրոցի ջեռուցման:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով կը պատրաստէինք 100 էջեր ալպոմ մը. եղբայր Ժիրայրը կրկին պատրաստակամութիւն յայտնեց  այդ հրատարակութեան ծախսերը հոգալու: Վստահ եմ, որ իր ներկայութեամբ չէի կրնար ըսել այս բոլորը:

Եղբայր Ժիրա՛յր, չեմ ըսեր հողը թեթեւ գայ վրադ, որովհետեւ դուն անմահ ես:

 

 

 

Նախորդը

Վարձքդ Կատա՛ր, Պապ (Գեղամ Հաւաթեանի Մահուան Առիթով)

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի «Ժիրայր Սարգիսեան» Սկաուտական Ֆոնտ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?