Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրտի Խօսք` Հօրս Յիշատակին (Մանուկ Եագուպեանի Մահուան Տարելիցին Առիթով)

September 24, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՄԱՐ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Տարի մը արդէն անցաւ, սիրելի՛ հայր, շատ արագ, կարծես երէկ էր: Տարի մը ամբողջ մեզմէ հեռու, բայց միշտ մեր սրտերուն մէջ ես:

Չէինք պատկերացներ, որ այսքան ծանր փոփոխութեան պիտի ենթարկուի մեր առօրեան, կեանքը: Չէինք երեւակայեր, որ յանկարծակի եւ անակնկալօրէն պիտի հեռանաս մեզմէ` սուգի մատնելով մեզ եւ շրջապատ մը ամբողջ, որ շատ կը սիրէր քեզ:

Յաճախ մենք մեզի հարց կու տանք, թէ արդեօք, խնամքի, բժշկական հոգատարութեան թէ այլ միջոցներու օգտագործման մէջ, մենք, Աստուած մի արասցէ, որեւէ թերութիւն արձանագրեցի՞նք, սխալեցա՞նք կամ աւելին կրնայի՞նք մատուցել: Ո՛չ, սիրելի՛ հայր, քեզ սիրողները, ամէն ինչ կատարեցին, ամէն կարելիութիւն ի գործ դրին, որ դուն մնաս մեզի հետ եւ ապրիս խաղաղութեամբ: Սակայն, կը հաւատանք, որ Աստուծոյ կամքին պէտք է հետեւիլ իբրեւ քրիստոնեայ հայորդիներ:

Հարկ է իրականութիւնը ընդունիլ եւ նայիլ դէպի ապագան: Վստահ եմ, որ երկինքէն մեզի կը հետեւիս եւ կը հսկես սիրելիներուդ` կողակիցիդ, զաւակներուդ, թոռներուդ եւ հարազատներուդ: Ամէն օր կը խօսինք քու մասիդ, կը յիշենք քեզ ու կ՛ապրինք յիշատակներովդ: Անուշիկ նկարդ մեր տան մէջ լոյս ու յոյս կը ներշնչէ, ինչպէս դուն կը կատարէիր ողջուց: Մեր մտածումներուն եւ աղօթքներուն մէջ ներկայ ես: Յաճախ քեզ կը յիշենք, որովհետեւ մեր ամբողջ կեանքը լեցուցեր էիր, քու զոհողութեամբ, նուիրումով եւ եզակի սէրովդ: Հոգատար էիր բոլորին հանդէպ եւ միշտ պատրաստ օգնելու եւ ուրախ պահելու շրջապատդ, նոյնիսկ խանգարելով հանգիստդ:

Աննման ամուսին էիր, ազնուասիրտ ու բարի հայր, կեանքով լեցուն մեծ հայր ու եղբայր: Յաճախ կը յիշենք, կը լսենք ու լուռ կ՛ապրինք կարօտդ, երբ քեզի մօտիկ կուսակցական ընկերներդ կը խօսին քու մասիդ: ՀՅ Դաշնակցութեան հանդէպ սէրդ ու հաւատքդ մեծ էր. այդպէս դաստիարակուած էիր մանկութենէդ: Միշտ ալ երկիւղածութեամբ կը հետեւէիր կուսակցութեան որեւէ աշխատանքի, որ կ՛առնչուէր հայութեան ու հայրենիքին: Չէիր հանդուրժեր սուտն ու կեղծիքը, մանաւանդ կուսակցական կեանքի մէջ: Շատ անգամ կը պոռթկայիր եւ ըմբոստ ոգիդ ցոյց կու տայիր, երբ անտարբերութեան թէ թերութիւններու ականատես կ՛ըլլայիր:

Այդուհանդերձ, խոր յարգանք ու սէր կը տածէիր պաշտած կուսակցութեանդ հանդէպ, որովհետեւ կը հաւատայիր անոր առաքելութեան: Գոհունակ էիր, ինչ որ կատարած էիր իբրեւ կուսակցական ընկեր ու շատերու բարեկամ:

Պա՛պ, շատ կարօտցած եմ քեզ ու միշտ կը փնտռեմ ֆիզիքական ներկայութիւնդ` գիտնալով հանդերձ, որ կը գտնուիս երկնքի արքայութեան մէջ:

Կարօտի այս նամակս, պա՛պ, թող ըլլայ սրտի խօսքս ու մխիթարանքս, ինչպէս նաեւ` փունջ մը կարմիր վարդեր շիրիմիդ վրայ:

Հանգիստ ննջէ, անուշիկ հայր:

Դուստրդ` ԹԱՄԱՐ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Է Կայուն Ուժանիւթը

Յաջորդը

Արտաշ Ռշտունիի Յիշատակին Մահուան Քառասունքին Առիթով

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.