Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ամէն օր մենք միշտ աւելի ուժանիւթի պէտք ունինք աշխատցնելու համար` գործարանները, ինքնաշարժները, հեռաձայնները, կամ լուսաւորութիւն ունենալու: Այժմ ուժանիւթը շատ աւելի կը սղի: Յաճախ ան նաեւ ապականում կը յառաջացնէ: Հետեւաբար, ինչպէ՞ս պահպանել մոլորակը:
***
Ուժանիւթն է, որ կ՛աշխատցնէ մեր շուրջը գտնուող բոլոր մեքենաները, ինքնաշարժները, ջեռուցումը, կամ վիտէօ-խաղերու մեքենան: Տարուէ տարի աշխարհի բնակչութիւնը միշտ աւելի ուժանիւթ կը սպառէ: Հետեւաբար կարեւոր է գտնել ուժանիւթի կայուն աղբիւրներ:
– Ի՞նչ է ուժանիւթի կայուն աղբիւրը
Անիկա միջոց մըն է, որ ուժանիւթ պիտի արտադրէ երկար ժամանակ` առանց ապագայ սերունդներուն խեղճացած աշխարհ մը կտակելու: Օրինակի համար, քարիւղը շատ գործածուած ուժանիւթ մըն է, սակայն նաեւ շատ ապականող, եւ մօտ ատենէն մեր մոլորակին պահեստները պիտի սպառին եւ իբրեւ հետեւանք ապագային, մարդիկ այլեւս քարիւղ պիտի չունենան, եւ սակայն պիտի ապրին ապականած միջավայրի մը մէջ: Հետեւաբար ասիկա կայուն ուժանիւթ մը չէ:
– Վերականգնուող ուժանիւթ եւ կանաչ ուժանիւթ
Կայուն ուժանիւթերուն մէջ կան վերականգնուող ուժանիւթերը, ինչպէս` արեւուն ուժանիւթը, ջուրին ուժանիւթը, կամ փայտը: Ասոնք ուժանիւթի աղբիւրներ են, որոնց պահեստները սահմանափակ չեն: Կայուն ուժանիւթերուն մէջ մենք կը գտնենք նաեւ «կանաչ» ուժանիւթերը. ուժանիւթեր, որոնք չեն ապականեր, ինչպէս` հովին ուժը: Սակայն, ուշադրութի՛ւն, վերականգնուող ուժանիւթ մը անպայման «կանաչ» ուժանիւթ մը: Օրինակի համար, փայտ այրելը օդը կ՛ապականէ, նոյնիսկ եթէ մենք կրնանք ուրիշ ծառեր տնկել:
– Ինչպէ՞ս աւելի լաւ պահպանել մոլորակը
Ներկայիս գիտնականները կը փորձեն բարելաւել ուժանիւթի արտադրութիւնը` ոչ տեւական ուժանիւթերը փոխելու կայուն ուժանիւթերու: Սակայն մեր մոլորակը պահպանելու ամէնէն լաւ միջոցը ամէնէն առաջ նուազ ուժանիւթ սպառելն է….
Արդեօ՞ք Մեր Մոլորակին Պահեստները
Անսահմանափակ Են…
Կազ, ածուխ, քարիւղ… մեր մոլորակը ունի պահեստներ, որոնք մեզի կարելիութիւնը կու տան տաքնալու կամ ինքնաշարժով շրջելու: Սակայն այս պահեստները անվերջ չեն:
Մեր մոլորակը կազմուած է անջրպետին մէջ 4,5 միլիառ տարիներ առաջ` կազերէ եւ հանքային նիւթերէ: Անոր ունեցած պահեստները իր հարստութիւնն է: Սակայն ի՞նչ են այդ հարստութիւնները, եւ արդեօ՞ք անոնք անվերջ են:
***
Մոլորակին բնական հարստութիւնները առանձին գոյութիւն ունին, մարդէն անկախ. մարդ արարածը չի կրնար զանոնք ստեղծել, անոնք երկրին վրայ կը գտնուէին մարդուն յայտնուելէն շատ առաջ:
Գոյութիւն ունին չվերականգնուող բնական աղբիւրներ: Անոնք ունին պահեստ մը, որ ժամանակի ընթացքին կը սպառի: Այս ձեւով, քարիւղը, բնական կազը եւ ածուխը` մեր գլխաւոր ուժանիւթի աղբիւրները անվերջ չեն:
Գոյութիւն ունին նաեւ վերականգնուող բնական աղբիւրներ, որոնք կանոնաւոր կերպով կը վերականգնին: Օրինակի համար, եթէ մենք անսահմանափակ կերպով ձուկեր չորսանք, անոնք ժամանակ պիտի ունենան բազմանալու, նոյն ձեւով, ճիշդ է, որ մենք ծառերը կը կտրենք, սակայն եթէ մենք անոնց փոխարէն նոր ծառեր տնկենք, ծառերը տակաւին գոյութիւն պիտի ունենան ապագայ սերունդներուն համար:
***
20 տարիներէ ի վեր ամերիկեան կազմակերպութիւն մը կը հաշուէ մէկ տարուան ընթացքին մարդկութեան սպառած աղբիւրներու քանակը: Շնորհիւ այս ուսումնասիրութեան` մենք գիտենք, որ 8 ամսուան մէջ կը սպառենք այն ինչ, որ պէտք է սպառէինք մէկ տարուան ընթացքին: Երկրագունդը բաւարար ժամանակ չունի իր պահեստները վերականգնելու, որովհետեւ մեր թիւը շատ մեծ է. 7 միլիառ բնակիչ իր պահանջներէն շատ աւելի կը սպառէ: Եւ որովհետեւ մեր մոլորակին պահեստները անվերջ չեն, պէտք է նուազ սպառել` անոր վերականգնելու համար ժամանակ տալու…
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Գիտնականները նկատած են, որ մեր ոտքերը իսկապէս կը պաղին, երբ մենք ջղային դառնանք:
– Արեւածաղիկները կրնան այնքան աճիլ, որ անոնց բարձրութիւնը կրնայ հասնիլ իրարու վրայ դրուած ափրիկեան երկու փիղերու բարձրութեան:
– Նորվեկիոյ մէջ մարդիկ ձեռքով շինուած դահոյկներով կը տեղափոխուէին աւելի քան 8000 տարիներ առաջ:
– Մարդիկ կ՛ենթադրեն, թէ լուսնին վրայի ջուրը երկրագունդէն եկած է:
– Ափրիկեան առիւծները կրնան իսկապէս բռնել իրենց հետապնդած որսերուն միայն 25 առ հարիւրը:
– Մինչ շերեփագիները կը բռնեն իրենց որսերուն 95 առ հարիւրը:
– Լոնտոնի մէջ գոյութիւն ունին շուներու յատուկ պաղպաղակ ծախող փոքրիկ փոխադրակառքեր:
– Կրիայի մը պատեանը կազմուած է մօտաւորապէս 50 ոսկորէ:
– Նասքարի ինքնաշարժներու մրցումներուն ընթացքին վարորդները կրնան ֆութպոլի դաշտի մը տարածքը կտրել մէկ երկվայրկեանէն:
– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, պանիր մը աւելի աղի կը թուի, երբ դանակով կ՛ուտուի, քան երբ կ՛ուտուի պատառաքաղով:
– Փիղի մը մորթը իրարու վրայ դիզուած 12 դահեկաններու հաստութիւնը ունի:
– Կարգ մը ցեցերու լսողութիւնը մարդու լսողութենէն 150 անգամ աւելի զօրաւոր է:
– Ինտոնեզիոյ մէջ գոյութիւն ունի գիւղ մը, ուր հարիւրաւոր տուներ ներկուած են ծիածանի գոյներով:
– Աշխարհի ամէնէն մեծ օդանաւը կրնայ բարձրացնել աւելի քան 160 գետաձիի ծանրութեան համազօր բեռ:
– Նապաստակները կրնան իրենց ետեւը տեսնել առանց իրենց գլուխը դարձնելու:
– Գոյութիւն ունի գորտի տեսակ մը, որ կրնայ լսել իր բերանին միջոցով:
– Կապոյտ կէտը աշխարհի ամէնէն մեծ անասունն է, սակայն ան ծովու գնդակէ մը աւելի մեծ ոչինչ կրնայ կլլել:
– Լոյսին արագութիւնը անձրեւի արագութենէն 18 միլիոն անգամ աւելի արագ է:
– Կատուները եւ շուները կրնան արեւահար ըլլալ:
– Մարդիկ ընդհանրապէս նուազ կը քնանան, երբ լիալուսին է:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները: