Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղամ Հաւաթեանի Մահուան Առիթով ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէին Անունով Տոքթ. Խաժակ Այնթէպլեանին Արտասանած Դամբանականը

September 24, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սգակից ներկաներ,

Այսօր հաւաքուած ենք հրաժեշտ տալու մեր աւագ ընկերոջ, Մուսա Լերան սերունդի վերջին մոհիկաններէն եւ Այնճարին շունչ տուող սերունդի առաջին զաւակներէն ընկեր Գեղամ Հաւաթեանին:

Որքան ալ մեզմէ հեռացող անձը ըլլայ տարիքով մեծ, աւագ սերունդի անդամ անձնաւորութիւն մը, անոր մահուան գաղափարին հետ հաշտուիլը դիւրին բան չէ, սակայն մխիթարութիւնը մեծ է, երբ կը նայիս անոր անցած ճանապարհին ու կը տեսնես, որ սկիզբը թէեւ շատ քարքարոտ է, սակայն աստիճանաբար դարձած է կանաչ եւ եղած է բեղուն ու արդիւնաւէտ:

Այդ ճանապարհը սկիզբ առած է մեր պատմական Մուսա Լեռէն եւ փշոտ ու քարքարոտ ուղիներով հասնելով Այնճարի հիմնադրութեան ճահճոտ տարիներ: Գեղամ Հաւաթեան իր մանուկ հասակին կորսնցուցած է իր ծնողները ու որբ մնալով իր քրոջ եւ երկու եղբայրներուն հետ` Այնճարի առաջին սերունդին հետ միասնաբար պայքարած է կեանքի ամենադառն պայմաններուն դէմ, եւ այդ դառն պայմաններուն մէջ աւարտելով «Ազգային Յառաջ» նախակրթարանը, աւելի բարձր կրթութեան երազով մեկնած է Պէյրութ ու յաճախած «Ն. Փալանճեան» ճեմարան` աշակերտելով Մուշեղ Իշխանին, Տասնապետեանին եւ ուրիշ հայ տիտաններու, սակայն դժբախտաբար աղքատութիւնը թոյլ չէ տուած անոր` դառնալու Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ իր այդ երազի իրականացումը իր թոռներուն կտակելով` վերադարձած է Այնճար ու իր մշակ-բանուորի նկարագրով լծուած է աշխատանքի: Ամուսնացած է ու կերտած` հայեցի պայծառ դիմագիծով ընտանիք, իր աշխատանքին հետ միասին Դաշնակցութեան շարքերուն միջոցով ծառայած է իր գիւղին եւ ժողովուրդին:

Կրթութեան հաւատացեալ մը ըլլալով` ան մեծ նուիրումով ծառայած է իր սիրելի «Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանին` դառնալով նախ «Յառաջ» վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան հիմնադիր անդամ, ապա նաեւ` վարժարանի խնամակալ, տարիներ վարելով խնամակալութեան ատենապետի պաշտօնը:

Եղած է նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական, համազգայնական: Փոքր տարիքէն հետեւելով Դաշնակցութեան ծրագիրին` եղած է դաշնակցական պատանի, երիտասարդ, ապա մնալով «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան շարքերուն մէջ` իր սիրելի կուսակցութեան ճամբով ծառայած է իր գիւղին ու ժողովուրդին` աշխատելով տարբեր յանձնախումբերու մէջ ու վերցնելով տարբեր պատասխանատուութիւններ: Սակայն իր ամենամեծ աւանդը այս գիւղին եղած է այն, որ երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենածանր տարիներուն ստանձնած է «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հերթապահի պարտականութիւնը, եւ այդ տարիներուն երբ գիւղը լեցուած էր հայ գաղթականներով, ու կոմիտէն կը գտնուէր դժուարութեան առջեւ զանոնք տեղաւորելու գիւղին մէջ, ընկեր Գեղամ առաջինը իր եւ իր հարազատներուն տան դռները բացած է անոնց առջեւ` օրինակ դառնալով ուրիշներուն:

Ահա այսպիսի հաւատաւոր դաշնակցական էր ընկեր Գեղամ Հաւաթեանը ու մինչեւ իր  մահը մնաց նուիրեալ իր սիրելի կուսակցութեան, գիւղին ու ժողովուրդին…

Յիշատակդ անթառամ մնայ, սիրելի ընկեր, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութիւնը քու գաղափարակից ընկերներուդ ու համայն Այնճարի անունով իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն զաւակներուդ, թոռներուդ ու հարազատներուդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Նախորդը

Օրուան Մարդը

Յաջորդը

Վարձքդ Կատա՛ր, Պապ (Գեղամ Հաւաթեանի Մահուան Առիթով)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.