Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յուշեր Սեբաստիոյ Կովտուն Գիւղի Տեղահանութենէն (Բ.)

Սեպտեմբեր 23, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՌԻՓՍԻՄԷ

Պայծառ երկար ատեն կը նստի քարին վրայ եւ կը սպասէ հօրաքրոջ աղջկան:

Օրը իր աւարտին կը հասնէր, արեւը իր վերջին ճառագայթները կը ցօղէր, մարդիկ կ՛երթեւեկէին, աշխատանքը աւարտած` տուն կը վերադառնային:

Թուրք կին մը կը նկատէ այս աղջկան լացը, կը մօտենայ եւ կ՛առաջարկէ, որ իր տունը տանի զինք:

Պայծառ թրքերէն չէր գիտեր, սակայն կնկան ըրած շարժումներէն կը հասկնայ եւ կը սկսի մտածել` մինչեւ ե՞րբ պիտի սպասէ հոն, գիշերը կը մօտենայ, զարմուհին արդեօք պիտի վերադառնա՞ր®

Երկար մտմտուքէ ետք, ճարահատ, կ՛ելլէ եւ այդ կնկան ետեւէն կ՛երթայ:

Այս կնկան ամուսինը` Մահմուտ պէյ, շատ նշանաւոր բարձրաստիճան զինուորական ոստիկան ըլլալով, իր պաշտօնին բերումով մեծապէս մասնակից դարձած է ջարդին: Օրուան աշխատանքը աւարտած` տուն կը վերադառնայ:

Պայծառ այս անծանօթ տան մէջ շուարած չորս կողմ կը դիտէր, յանկարծ աչքին կը զարնէ պատուհանէն դուրս կանգնող զինուորական տարազով մարդ մը, որ բակի դուռէն ներս կը մտնէ` կողէն կախած երկար սուրին ծայրէն կաթիլ կաթիլ արիւն կաթկթելով: Խեղճ աղջիկը վախէն շուտով պահարանի մը մէջ կը պահուըտի:

Այս թուրք ամոլը ունէր մէկ տղայ զաւակ` 20-21 տարեկան, որ կ՛ուսանէր Ամերիկեան համալսարանը: Պայծառ աւելի ուշ նկարագրած է այդ տղան, որ համալսարան գացած ատեն կոկիկ կը հագուէր, իշխանական կարճ գաւազանը թեւին տակ, ծայր աստիճան կրթուած, մարդոց հետ շատ լաւ վերաբերումով, ոտքերը քով քովի դրած, գլուխը մեղմ ծռելով մարդոց կը բարեւէր:

Մահմուտ պէյ ամէն օր նոյն ձեւով տուն կը վերադառնար: Կինը դուրս կ՛ելլէր ամուսինը դիմաւորելու, շատ աստուածավախ կին մըն եղած է, դուռը բանալէն ետք ամուսինին կ՛ըսէր. «Է՛ զալըմ® Դուք Աստուծմէ չէ՞ք վախնար, սա պզտիկներուն մեղքը ի՞նչ է® Եթէ մէկը քու զաւակիդ այդպէս ընէ, դուն ի՞նչ կը զգաս: Դուք` մեծերդ, ինչո՞ւ չէք նստիր եւ իրարու հետ չէք հասկցուիր»:

Մահմուտ պէյ` օրուան չարչարանքէն յոգնած, ապտակ մըն ալ կնկան կու տար եւ ներս կը մտնէր. ասիկա այդ տան ամէնօրեայ սովորութիւնն էր: Անկէ ետք կինը պէտք է երթար ջուր տաքցնէր, մեծ տաշտի մը մէջ բերէր եւ ամուսինին ոտքերը մէջը դնէր, որպէսզի հանգստանար: Յետոյ պէտք է երթար չի քոֆթէ շաղէր, օղիին բաժակը եւ կծու փոշի պղպեղը քովը դնէր, որպէսզի ամուսինը վայելէր:

Ամէն օր կէսօրէ ետք հայերու տուներէն թալանուած իրեղէնները կառքերով կը բերուէին եւ կը պարպուէին Մահմուտ պէյին տան առջեւ, բայց անոր կինը ո՛չ կը մօտենար անոնց, ո՛չ ալ թաշկինակ մը կը վերցնէր հոնկէ: Կառքերուն դատարկուելէն կէս ժամ չէր անցներ, շրջակայի գիւղացիները կու գային, բոլորը կը տանէին:

Պայծառ կամաց-կամաց կ՛ընտելանայ այդ տան ապրելակերպին, ան անունը կը փոխէ եւ կը դառնայ Ֆերիտէ: Երկար ժամանակ կ՛ապրի այդ տան մէջ:

Տեսիլքը

Այս ընտանիքը անշուշտ ունէր մօտաւոր ազգականներ ու բարեկամներ, մանաւանդ կիներ, որոնք իրենց առօրեայ գործերը աւարտելէ ետք իրարու քով կու գային սուրճ խմելու եւ, ըստ սովորութեան, ծխախոտ մըն ալ հետը վառելու: Այդ օրերու սովորութեան համաձայն, այդ տան երիտասարդ աղջիկը պէտք էր գլանիկը փաթթէր, ծայրը վառէր, շունչ մը քաշէր` առանց ծայրը թրջելու, մատներուն արանքը զետեղած` հրամցնէր հիւրերուն: Այդ պատճառով ալ Ֆերիտէն (Պայծառը) սկսաւ ծխել տասը տարեկանին:

Ֆերիտէն սկսաւ մամա կանչել այդ թուրք կնկան:

Օր մը երիտասարդ կին մը եկած էր հիւրասիրութեան, այլայլած վիճակ մը ունէր, մտքին մէջ բան մը զինք կը չարչարէր: Տանտիրուհիին բան մը կ՛ուզէր ըսել, բայց չէր համարձակեր: Ի վերջոյ փորձ մը ըրաւ եւ` տանտիրուհիին դառնալով.

–  Խանը՛մ, Ֆերիտէին թոյլ կու տա՞ս հոսկէ դուրս ելլէ, այստեղէն ետք տեղ մը պիտի հանդիպիմ եւ կ՛ուզեմ իրեն հետս տանիլ:

Տանտիկինը կը յօժարի, այդ կինը Ֆերիտէին հետ դուրս կու գայ:

Ճամբան այս երիտասարդ կինը խստիւ կը պատուիրէ Ֆերիտէին, որ տուն դառնալով տնեցիներուն չպատմէ, թէ ո՛ւր գացին:

Կը մտնեն դուռէ մը, ծեր մարդ մը նստած էր յատակին` քուրջի մը վրայ, դիմացը սփռոցի մը վրայ խոշոր ապակիէ աման մը` ջուրով լեցուն:

Երիտասարդ կինը կը սկսի խօսիլ այն նպատակին մասին, որուն համար եկած էր ու կը պատմէ, որ արդէն եղած էր երկու տարի, որ ամուսնացած է, եւ տակաւին ոչ մէկ նշան կար յղութեան: Եկած էր տեսնելու, որ արդեօք զաւակ ունենալու յոյս կա՞ր:

Ծեր մարդը կ՛առաջարկէ, որ ոսկի դրամ մը ձգէ ջուրով լեցուն ամանին մէջ: Կինը անմիջապէս, հաճոյքով դրամը կը ձգէ:

Բախտագուշակը մէկ-երկու վայրկեան ջուրին մէջ նայելէ ետք, կը դառնայ ու կ՛ըսէ, թէ այդ աղջիկը, որ եկած է հետը, մեծ գանձ մը պիտի գտնէ իր պառկած սենեակին աջ կողմի պատին մէջ: Այդ պատը պէտք է փլէ, ներսը խոշոր ժայռի մը վրայ ափսէ մը դրուած է, անոր վրայ մոմ մը կը վառի, այդ ափսէն մէկ կողմ պէտք է դնել եւ այդ ժայռը մէկդի հրել: Տակը բոլոր ոսկի է, որ այս աղջկան բախտն է:

Կինը կը վրդովի եւ կ՛ըսէ, թէ ինք իր հարցին համար եկած է, այդ աղջկան հետ առնչութիւն չունի: Մարդը կը բացատրէ, որ ինք այդ մէկը կը տեսնէ ջուրին մէջ: Կինը կ՛ընդդիմանայ, մարդը` ճարահատ, կ՛առաջարկէ, որ ուրիշ ոսկի մըն ալ նետէ ջուրին մէջ, կինը կը նետէ այլ ոսկի եւս: Բայց բախտագուշակը նոյն խօսքերը կը կրկնէ եւ կ՛ըսէ. «Այս աղջիկը այս մասին տեղեակ է, իրեն յայտնուած է, թող չվախնայ, թող փլէ այդ պատը, երազին մէջ երեք անգամ կրկնուած է»:

Կինը լրիւ կը բարկանայ եւ Ֆերիտէն առնելով` դուրս կու գայ հոնկէ:

Ճամբան կինը Ֆերիտէին կը հարցնէ, որ արդեօք նման տեսիլք մը ունեցա՞ծ է:

Ֆերիտէն կը պատմէ, որ երեք անգամ երազին մէջ ճերմակ երկար շապիկով եւ ճերմակ մօրուքով մարդ մը օդին մէջ ցուցամատով աջ պատը ցոյց տալով իրեն ըսած է, որ քու բախտդ հոն է, գանձ մը պիտի գտնես, եւ տուած է նոյն բացատրութիւնները, զորս ծեր բախտագուշակը տուաւ:

Այս երիտասարդ ու հետաքրքիր կինը, հակառակ գաղտնի պահելու իր թելադրանքին, Ֆերիտէին տունը հասնելէ ետք, զայն յանձնելու ատեն տանտիկնոջ կը պատմէ եղելութիւնը:

Կինը, իր կարգին, ամուսինին տուն գալէն ետք կը պատմէ այս բոլորը իր ամուսինին: Մահմուտ պէյ քիչ մը կը բարկանայ եւ կ՛ըսէ. «Անխելքնե՛ր, ինչո՞ւ ինծի ըսիք, այս աղջիկը պէտք է առանց ոեւէ մէկուն ըսելու փլէր այդ պատը»:

Առ ի հետաքրքրութիւն, պատը կը փլեն, ժայռ մը կը տեսնեն, ափսէ, վրան մոմ` մարած, ժայռը կը հրեն մէկդի, սակայն տակի ոսկիները բոլորը ածուխի վերածուած:

Ֆերիտէն այդ տան աղջիկն էր, ժամանակ մը չէին ձգեր, որ դուրս ելլէ, կը վախնային, որ կը կորսուի, սակայն օր մը` պարտաւորուած, զայն մսավաճառին կը ղրկեն, հետն ալ պահակ մը: Ճամբան քալած ատեն Ֆերիտէին այնպէս կը թուի, որ իր առջեւէն քալող ծեր մարդուն կը ճանչնայ, կարծես ան իրենց գիւղէն է, թերեւս ալ ան իր մօր եւ քոյրերուն ուր ըլլալը գիտէ: Սիրտը վեր կ՛ելլէ, ճիգ կ՛ընէ, որ ձեւով մը մարդուն մօտենայ եւ խօսի, հարցնէ, բայց քովը եղող պահակէն վախնալով, չի յաջողիր: Ասիկա մինչեւ կեանքին վերջը իրեն ցաւ կը պատճառէ:

 

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Զանգուածային Յարձակումը Հայաստանը Դարձուց Կիզակէտ Աշխարհի

Յաջորդը

Ոստիկանները Բռնի Ուժով Ձերբակալեցին 44-Օրեայ Պատերազմին Զոհուած Զինուորներու Ծնողները

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?