Ռուսիան պիտի ողջունէ այն քայլերը, որոնք փաստացիօրէն կը տանին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կացութեան կարգաւորման: «Ռեկնում» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի Երեւան այցելութիւնը:
«Այն ամէնը, ինչ որ ոչ թէ խօսքով, այլ գործով է, եւ ոչ բարձրաձայն, ոչ ամբոխավարական, այլ իրականութեան մէջ, անաղմուկ ու գործնական, կրնայ նպաստել յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանի կացութեան կայունացման, այս ամէնը կրնայ ողջունելի ըլլալ», ըսած է Փեսքով:
Ան աւելցուցած է, որ ժամանակի ընթացքին յստակ պիտի դառնայ, թէ արդեօք այնպիսի բարձր մակարդակի գործողութիւնները, ինչպիսին Փելոսիի Հայաստան այցելութիւնն է, իրականութեան մէջ կրնա՞ն նպաստել այս կարգաւորման:
«Սադրանքներ Կան, Սակայն Անոնք Ոչ Մէկ
Արդիւնք Պիտի Տան» Կ՛ըսէ Վոտոլացքի
Հայաստանի` ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու պահանջով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերը հաւանաբար կազմակերպած են Միացեալ Նահանգներու ոչ առեւտրական կազմակերպութիւնները` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի այցելութեան առնչուած: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Վիքթոր Վոտոլացքի:
«Հայաստանի մէջ կան որոշակի ուժեր, որոնք կը ֆինանսաւորուին Միացեալ Նահանգներու Հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ, եւ, ցաւօք, անոնք… Բնականաբար, Փելոսիի ժամանումը նախատեսած էին այն ուժերը, որոնք այսօր ցոյցերու դուրս եկած են», ըսած է ռուս երեսփոխանը:
Վոտոլացքի նաեւ նշած է, որ Հայաստանի մէջ մեծ թիւով հայրենակիցներ կ՛ապրին, եւ երկրին մէջ կացութիւնը «անկլօ-սաքսոններու եւ Փելոսիի օգտին չէ», բայց եւ այնպէս, երեսփոխանը ԱՊՀ-ի բոլոր կառոյցներուն կոչ ուղղած է աւելի աշխուժ աշխատելու իրենց հայ գործընկերներուն հետ:
«Սադրանքներ կան, սակայն անոնք ոչ մէկ արդիւնք պիտի տան` հաշուի առնելով, որ այնտեղ աշխուժ կերպով կ՛աշխատին ամերիկեան դեսպանատունն ու հասարակական կազմակերպութիւնները: Բոլորս` ՀԱՊԿ-ն, Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութիւնը եւ նախ եւ առաջ ԱՊՀ-ի կառոյցները` սկսելով մեր յանձնախումբէն, հասնելով բոլոր Եւրասիական յանձնախումբերուն, աւելի սերտ եւ եռանդուն աշխատինք Հայաստանի մէջ մեր գործընկերներուն հետ եւ լաւ, բարի առաջարկներ ընենք` կոտրելու այն կացութիւնը, որ այսօր այնտեղ կը ձեւաւորուի», ըսաւ Վոտոլացքի:
Նշենք, որ կիրակի օր քանի մը հարիւր գործիչներ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաք կազմակերպած էին` պահանջելով Հայաստանի` ՀԱՊԿ-էն դուրս գալը:


