Չինաստան Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղէ` խուսափելու կացութեան հետագայ սրումէն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նին:
«Թէ՛ Ազրպէյճանը, թէ՛ Հայաստանը Չինաստանի հետ համագործակցութեան մէջ բարեկամական գործընկերներ են: Մենք յոյսով ենք, որ երկու կողմերը կրակոցի շուտափոյթ դադրեցման համապատասխան համախոհութիւն կ՛ապահովեն, ինչպէս նաեւ կը խուսափին կացութեան հետագայ սրումէն եւ տարակարծութիւններն ու հակասութիւնները կը վերացնեն քաղաքական երկխօսութեան միջոցով», ըսած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:


