Չինաստանը մտահոգ է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանային գօտիին մէջ զինեալ տագնապին վերջին սրումով: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ նիստի ընթացքին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Չինաստանի մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Կենկ Շաունկը` նշելով, որ Չինաստան կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` խնդիրները լուծելու քաղաքական երկխօսութեան միջոցով:
Չինաստանի ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ նաեւ շեշտած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը անբաժան է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումէն:
«Մենք կողմերը կը յորդորենք հաւատարիմ մնալ ձեռք բերուած զինադադարին եւ միացեալ ջանքեր գործադրել կացութեան մեղմացման համար: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու լուծումը անբաժան է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումէն: Մենք կ՛աջակցինք տագնապի` երկխօսութեան միջոցով լուծման: Յոյսով ենք, որ բոլոր կողմերը մօտիկ ապագային պիտի մշակեն միջազգային օրէնքի արժեչափերուն, սահմանուած ընդունելի արժեչափերուն համապատասխան տագնապի լուծում: Չինաստանը կ՛ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 2020 թուականի նոյեմբերին ձեռք բերուած համաձայնագիրը եւ պիտի շարունակէ ողջունել դրական յառաջընթացը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ», ըսած է դիւանագէտը:


