Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Այսօր քիչ մը ելլենք մեր ապրած միջավայրէն` այցելելու համար արտասովոր վայրեր: Մենք վարժուած ենք նոյն կառոյցը ունեցող շէնքերով ծածկուած մեր քաղաքներուն, սակայն գիտէի՞ր, որ մարդիկ սկսած են փնտռել լուծումներ` յարգելով բնական միջավայրը, նուազ մսխել բնութեան հարստութիւնները:
Ծանօթանանք չորս տարբեր հաւաքականութիւններու, որոնք կը փորձեն իրենց մասնակցութիւնը բերել մոլորակի պահպանման ճիգերուն:
– «Թայնի հաուս», փոքրիկ տունը
Անիկա շատ փոքրիկ տուն մըն է, նուազ քան` 40 քառակուսի մեթր մեծութեամբ: Անիկա նուազ տեղ կը գրաւէ, քան` սովորական տուն մը, եւ նուազ ուժանիւթ կը սպառէ: Յաճախ ան շարժուն է եւ` անիւներու վրայ զետեղուած: Հակառակ իր փոքրիկ տարածքին` անիկա շատ հանգստաւէտ է եւ արդի:
– «Քոնթէյնըր» տունը
Այս բնակութեան վայրը կազմուած է ծովային «քոնթէյնըրներէ»: Մետաղեայ այս հսկայական «սնտուկները» կը ծառայեն ապրանքները ծովու ճամբով փոխադրելու: Այս տունը շատ արագ կը շինուի եւ շատ տոկուն է:
– Ծփացող տունը
Անիկա զետեղուած է գետի մը, կամ լճակի մը վրայ: Նման շինութիւն մը լուծում մըն է, երբ ցամաքային տարածքի պակասը կը զգացուի, յատկապէս` այն շրջաններուն մէջ, ուր հողերը կամաց-կամաց կը նուաճուին ջուրերուն կողմէ, կլիմային ջերմանալուն պատճառով ծովերու ջուրերուն բարձրացող մակարդակին իբրեւ հետեւանք: Տունը հաստատուած է ծփացող մակերեսի մը վրայ:
– Դարձող տունը
Այս կլոր տունը արեւուն հետ կը դառնայ: Ան յաճախ շինուած է փայտէ եւ ունի գմբէթի ձեւ: Տան բնակիչները սենեակներուն դիրքը կ՛ընտրեն ըստ եղանակին կամ օրուան ժամուն: Այս ձեւով անոնք կ՛օգտուին լոյսէն եւ ջերմութենէն, կամ ընդհակառակը, շուքէն եւ զովութենէն:
Գիտէի՞ր, Թէ…
- Միացեալ Նահանգներու Օքլահոմա նահանգին ազգային պտուղը ձմերուկն է:
- Մարդիկ հետախուզած են ովկիանոսներուն նուազ քան 5 առ հարիւրը:
- Երկրագունդին վրայ առաջին կենդանի էակները պաքթէրիաներն էին:
- Երբեմն արեւուն մէջ ծակեր կը յառաջանան:
- Կարգ մը գիտնականներ կը մտածեն, որ կիները աչքերնին շատ աւելի յաճախ կը թարթեն, քան` այր մարդիկ:
- Սկզբնական շրջաններուն օձերը ոտքեր ունէին:
- Պղատոն նախկին մոլորակին մեծութիւնը հազիւ Միացեալ Նահանգներու լայնքին կէսին չափ է:
- Երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունեցող ջուրերուն միայն մէկ առ հարիւրը մարդը կրնայ գործածել:
- Ոչ մէկը իսկապէս գիտէ, թէ ինչո՞ւ մարդիկ պէտք է քնանան:
- Երկրագունդը դանդաղօրէն կը հեռանայ արեւէն:
- Մեծ քանակով թթուածինը կրնայ մեզ անհանգստացնել:
- Միանմար, Լայպիրիա եւ Միացեալ Նահանգներ միակ երկիրներն են, որոնք մեթրը չեն գործածեր չափելու համար:
- Գիտնականներ գտած են շանաձուկեր, որոնք կ՛ապրին ընդծովեայ հրաբուխի մը մէջ:
- Աշխարհի վրայ գտնուած ամէնէն հին թուղթի կտորները 4600 տարեկան են:
- Եթէ ամէն օր խնձորի տարբեր տեսակ մը ուտես, դուն մօտաւորապէս 20 տարուան պիտի կարօտիս փորձելու համար գոյութիւն ունեցող խնձորի բոլոր տեսակները:
- Ովկիանիոյ մէջ գտնուող Թոնկա երկիրը հրատարակած էր պանանի ձեւ ունեցող դրոշմաթուղթեր:
- Քալիֆորնիոյ մէջ գտնուող Տիզնի լենտը աւելի մեծ է, քան` աշխարհի ամէնէն փոքրիկ երկիրը:
- Օդանաւ մը կրնայ պարունակել մինչեւ 531 քմ թելեր:
- Հարաւային բեւեռը աշխարհի ամէնէն արեւոտ շրջան է:
- Համակարգիչի առաջին ծրագիրը գրուած էր 1842 թուականին:
Մտածենք
Նախասիրած Ժամանցներ
14 տարեկան չորս դասընկերներ ուրախ են, որ վերամուտը կը մօտենայ: Անոնք առիթը պիտի ունենան իրարու պատմելու իրենց արձակուրդներուն, ժամանցներուն մասին: Վարի բացատրութիւններուն հետեւելով` կրնա՞ս գտնել, թէ ի՛նչ է անոնցմէ իւրաքանչիւրին նախասիրած ժամանցը, իւրաքանչիւրը որքա՞ն ժամանակէ այդ ժամանցով կը զբաղի եւ շաբաթը քանի՞ անգամ փորձ կ՛ընէ: Տախտակին մէջ X մը դիր, երբ կը մտածես, որ պատասխանը ճիշդ է, եւ Օ, երբ չի համապատասխաներ:
Եւ ապա իւրաքանչիւր անունի քով արձանագրէ անոր «ժամանցը», «քանի տարիէ ի վեր» եւ «քանի անգամ» տեղեկութիւնները:
- Թալին- …, … , … :
- Արա- … , … , … :
- Վերա- … , … , … :
- Րաֆֆի- … , … , … :
- Լենա- … , … , … :
***
– Րաֆֆին ուտել կը սիրէ: Հետեւաբար զարմանալի չէր, երբ ան սկսաւ սորվիլ` ինչպէ՛ս պատրաստել իր սիրած ճաշերը: Ան տակաւին սկսնակ մակարդակի վրայ է եւ հաւանաբար լաւ կ՛ըլլայ, որ ան 10 դասէն ետք շարունակէ:
– Գրելը օրական զբաղում մըն է, որ յարատեւութեան կը կարօտի. սակայն այն մանչը, որ կը սիրէ գրել, տարիներէ ի վեր այս ժամանցով կը զբաղի:
– Վերան պարել չի սիրեր: Անցեալ տարի ան մասնակցեցաւ իր առաջին հանդէսին, եւ բարեբախտաբար փորձերը իրմէ շատ ժամանակ չեն խլեր, եւ ան կրնայ յաճախ իր ընկերներուն հետ ժամանակ անցընել:
– Այն անձը, որ շաբաթը 3 անգամ փորձ կ՛ընէ, երբ նոյնիսկ ան 9 տարեկան էր:
– Իտալական խոհանոցի յատկացուած դասերը սկսան կէս տարի առաջ:
– Թալինին նախասիրած ժամանցի փորձերը կը շարունակուին 3 տարիէ ի վեր, եւ ան ստիպուած է երեքշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ փորձեր կատարել:
– Պարի դասերուն հետեւող անձը շատ քիչ առիթ ունի բարելաւելու:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել պալատ հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու պատկերները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր սիւնակի
եւ իւրաքանչիւր շարքի թիւերուն գումարը հաւասար է 195-ի:



