Ռուսիան կրնայ շրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը օգտագործել` վերջ տալու համար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինուորական գործողութիւններուն: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:
Ան յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն անձամբ մասնակից է այս հարցին մէջ, այդ իսկ պատճառով հայ-ազրպէյճանական սահմանի լարուածութենէն ընդամէնը ժամեր ետք ան յայտարարութիւն կատարեց` կոչ ուղղելով անյապաղ դադրեցնելու բռնութիւնները, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` շեշտելով իր յայտարարութեան հիմնական ուղերձը` զինուորական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցումը:
«Ան նախագահ Ալիեւին կոչ ուղղեց` անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները, կասեցնելու զինուորական ուժերու մասնակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բոլոր կարեւոր հարցերու լուծման գործին մէջ եւ մասնակցելու խաղաղ բանակցութիւններուն: Ճիշդ ատիկա միշտ եղած է մեր համոզումը` այս տագնապը չունի զինուորական լուծում: Եւ մենք կոչ կ՛ուղղենք` զերծ մնալու հետագայ զինուորական գործողութիւններէն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու կառավարութիւնները կը յորդորենք վերահաստատելու հաղորդակցութեան ուղիղ կապերը դիւանագիտական ու զինուորական խողովակներով` վերադառնալով կառուցողական երկխօսութեան ու դիւանագիտական հոլովոյթին: Մենք պիտի շարունակենք եռանդուն կերպով մասնակից մնալ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն հետ դիւանագիտական խողովակներու մէջ», ըսած է Փրայս:
Ան յիշեցուցած է, որ այս պահուն Պաքու կը գտնուի Կովկասի հարցերով բանակցութիւններու մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի գլխաւոր խորհրդական, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքըր, որ հանդիպումներ կ՛ունենայ ազրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
«Մենք կը շարունակենք յանձնառու ըլլալ` խթանելու Հարաւային Կովկասի շրջանին համար խաղաղ, ժողովրդավար եւ բարեկեցիկ ապագան», նշած է Փրայս:
Աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ յստակօրէն ցոյց տուած են իրենց պատրաստակամութիւնը մասնակցելու թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ ալ բազմակողմանի ձեւաչափով` թէ՛ դաշնակիցներու, թէ՛ ալ շրջանի գործընկերներու հետ` հասնելու կացութեան հանդարտեցման, Փրայս նշեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինուորական գործողութիւններն ու մագլցումը չեն բխիր որեւէ կողմի, նաեւ Ռուսիոյ շահերէն:
«Կասկածէ վեր է, որ Ռուսիան զգալի ազդեցութիւն ունի թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի մօտ: Մենք Ռուսիոյ կոչ ուղղած ենք եւ այժմ ալ կոչ կ՛ուղղենք օգտագործելու այդ ազդեցութիւնն ու լծակները` օգնելու հասնիլ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման եւ աւելի լայն ծիրի մէջ` այս լարուածութեան թուլացման», ըսած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին` Փրայս նշած է. «Ինչպէս արդէն ըսինք` արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի յայտարարութեան մէջ ան Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւին կոչ ուղղած էր անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները, դադրեցնելու զինուորական ուժերու մասնակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կարեւոր հարցերու լուծման գործին մէջ… Մենք զգալի ապացոյցներ տեսած ենք, որ Ազրպէյճանը կը հրետակոծէ Հայաստանի տարածքը եւ զգալի վնաս կը հասցնէ Հայաստանի ենթակառոյցներուն: Սակայն մեզի համար կարեւորագոյնը այն է, որ երկու կողմերը յանձնառու ըլլան զինուորական գործողութիւններու դադրեցման եւ աւելի լայն ծիրին մէջ լարուածութեան թուլացման»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ ինչպէ՛ս կը վերաբերին այն փաստին, որ Հայաստան դիմած է ՀԱՊԿ-ին` միջամտելու տագնապին, արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարեց. «Մենք շրջանի բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղած ենք` օգտագործելու իրենց ազդեցութիւնը եւ կառուցողական քայլերու ձեռնարկելու` հասնելու համար զինուորական գործողութիւններու դադրեցման ու լարուածութեան թուլացման: Ի հարկէ, դժուար է պատկերացնել, թէ ինչպէ՛ս տագնապի մէկ կողմէն օտար ուժերու ներգրաւումը կրնայ ծառայել այդ նպատակին, սակայն դարձեալ պէտք է նշեմ, որ մեր շեշտը բռնութիւններուն վերջ տալու վրայ է»: