Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս պիտի գլխաւորէ Հայաստանի մէջ կազմակերպութեան առաքելութիւնը:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ առաքելութեան հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի հետ տագնապի գօտիին մէջ կացութեան գնահատումը, պետութիւններու ղեկավարներու համար զեկուցումի նախապատրաստումը եւ լարուածութեան թուլացման շուրջ առաջարկներու մշակումը:
Առաքելութեան կազմին մաս պիտի կազմեն ՀԱՊԿ-ի Միացեալ սպայակոյտի ղեկավար, զօրավար-գնդապետ Անաթոլիյ Սիտորովը եւ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներ:
«Զասի Գլխաւորութեամբ ՀԱՊԿ–ի Առաքելութիւնը Տակաւին Չէ Հասած Հայաստան, Անիկա Տակաւին Պէտք Է Ձեւաւորուի» Կ՛ըսէ Քրեմլին
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) առաքելութիւնը` ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի գլխաւորութեամբ, տակաւին չէ հասած Հայաստան, անիկա (առաքելութիւնը) տակաւին պէտք է ձեւաւորուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Ան նշած է, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին լարուածութիւնը տակաւին կը պահպանուի: «Այնուամենայնիւ, ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւն ուղարկելու որոշումը տրուած է միայն երէկ ուշ երեկոյեան: Անիկա (առաքելութիւնը) տակաւին պէտք է ձեւաւորուի, իսկ յետոյ պէտք է տեղ հասնի», ըսած է Փեսքով:
Ան աւելցուցած է, որ առաքելութիւնը, հիմնուելով սահման այցելութեան արդիւնքներուն վրայ, ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն պիտի ներկայացնէ զեկուցում, որ պիտի քննարկուի:
ՀԱՊԿ-ի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Զայնեթտինով երէկ աւելի ուշ յայտարարեց, որ Զաս կը ծրագրէ յաջորդ շաբաթ այցելել Հայաստան: