 «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 15 սեպտեմբերին նախատեսուած Արսենալ-ՓՍՎ Այնտհովըն մրցումը, որ կ՛իյնայ «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ (խմբակներու դրութեամբ), յետաձգուեցաւ ոստիկաններու ոչ բաւարար թիւին պատճառով:

Լոնտոնեան ոստիկանութիւնը իր ուժերուն մեծ մասը ուղարկած է Անգլիոյ թագուհի Էլիզապեթ Բ.-ի հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն` քանի մը տասնեակ երկիրներու ղեկավարներուն անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով:
Նշենք, որ Էլիզապեթ Բ. թագուհիի յուղարկաւորութիւնը նախատեսուած է 19 սեպտեմբերին:
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, արդէն իսկ յետաձգուեցան նախորդ շաբաթավերջին կատարուելիք ախոյեանութեան բոլոր մրցումները: