Լեհաստանի եւ Սլովենիոյ մէջ աւարտած տղոց վոլիպոլի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտականի մրցումին, Իտալիա 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Լեհաստանը, հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:
Յաղթական կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տանիէլէ Լաւիա (15 կէտ):
Երրորդ դիրքը գրաւեց Պրազիլ, որ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Սլովենիոյ:
Պրազիլին մաս կազմող Եոնատի Լէան Իտալկօ հանդիսացաւ մրցաշարքին ռմբաձիգը` 123 կէտով:
Նշենք, որ 2018-ին աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր Լեհաստան, մինչ Իտալիա նախապէս աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր 1990-ին, 1994-ին եւ 1998-ին:


