 «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր` երեքշաբթի, 13 սեպտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ գագաթի ճակատում մը, որուն ընթացքին Պայէրն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան` ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):

Այս մրցումը պիտի ըլլայ հետաքրքրական այն իմաստով, որ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի պիտի մրցի իր նախկին ակումբին` Պայէրնի դէմ:
Նշենք, որ երկու կազմերն ալ իրենց կատարած առաջին մրցումին յաղթանակներ արձանագրեցին: