Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Սալերնիթանան, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով յաղթանակ մը (կիսախաղ` 2-0, ի նպաստ հիւր կազմին):
Հիւրընկալ կազմը իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ), շնորհիւ Լէոնարտօ Պոնուչիի:
Օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Մաթէօ Մարքերանօ, չորս անգամ գործածեց իր կարմիր քարտը` նկատի ունենալով, որ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն երկու կազմերուն մարզիկներուն միջեւ հարցեր տեղի ունեցան:
Եուվենթուսէն կարմիր քարտ ստացան Արքատիուսց Միլիք (90+5-րդ), Խուան Քուատրատօ (90+8-րդ) եւ մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի (90+10-րդ), իսկ Սալերնիթանայէն` Ֆետերիքօ Ֆացիօ (90+8-րդ):
Եուվենթուս, որ այժմ ունի 10 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ դիրքը` չորս կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նափոլիէն: