Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի նախկին անդամ Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «Սինքուեֆիլտ Քափ» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն:
Արոնեան, որ այս հանգրուանին մրցեցաւ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի դէմ, իր յաղթանակը արձանագրեց 49-րդ շարժումին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Արոնեան կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Ուեսլի Սօ, որ ապահոված է 4 կէտ:
Նշենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տասը ճատրակ խաղացողներ: