Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ այսօր կը սկսի ազատ եւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Նախքան Պելկրատ իրենց մեկնումը, հայրենի մարզիկները` գլխաւորութեամբ Յաբէթնակ Կուրղինեանի, իրենց վերջին փորձերը կատարեցին Օլիմփիաւանի մէջ:
Նշենք, որ ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան,Հայաստան պիտի ունենայ վեց ըմբիշ, իսկ յունահռոմէական ոճի հաւաքականը` ութ ըմբիշ:
Յունահռոմէական ոճի հաւաքականը աշխարհի այս ախոյեանութեան առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի Արմէն Բաբալարեանի գլխաւորութեամբ:
Այս ախոյեանութիւնը իր աւարտին կը հասնի 18 սեպտեմբերին: