Ռումանիոյ Մամայա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող տղոց եւ աղջկանց 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար աշխարհի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի 12 ներկայացուցիչներէն միայն երեքը յաղթանակ արձանագրեցին:
18 տարեկանէն վար իր յաղթարշաւը շարունակեց Մարիամ Մկրտչեան, որ սեւ քարերով յաղթելով ֆրանսացի Քամիլ Պլանքէին եւ արձանագրելով իր երրորդ յաղթանակը, այժմ կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը (երկու ուրիշներու հետ):
Այս դասակարգին մէջ Վերոնիքա Խաչատրեան ունի 2 կէտ:
2,5-ական կէտ ունին Մամիկոն Ղարիբեան (18 տարեկանէն վար), Արսէն Դաւթեան եւ Օմին Օհանեան (16 տարեկանէն վար):


