Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեղծ Ուտելիքներու Ցուցահանդէս

Սեպտեմբեր 10, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ճափոնի մէջ բազմաթիւ սրճարաններ կեղծ ուտելիքներ եւ ճաշեր կը դնեն իրենց ցուցափեղկերուն մէջ` իրենց ճաշացուցակը ներկայացնելու համար: Անոնց մօտ կը նշուի նաեւ գինը: Այս ցուցադրութեան նպատակն է յաճախորդներուն ուշադրութիւնը գրաւել, յատկապէս` օտար զբօսաշրջիկներուն, որոնք ճափոներէն կարդալ չեն գիտեր: Այս սովորութիւնը սկսած էր 1930-ական թուականներուն, երբ տակաւին շատ նկարներ չէին առներ:

Յատուկ գործարաններ

Ճաշարանները իրենց կեղծ ուտելիքները կ՛ապսպրեն յատուկ գործարաններու: Այս հաստատութիւնները մեծ յաջողութիւն ունին, նոյնիսկ եթէ անոնց գործունէութիւնը նուազած է «Քովիտ 19» ժահրին յայտնաբերումէն ի վեր: Ուտելիքի մը կեղծ օրինակը ճափոներէն կը կոչուի սամփուրա, որ կը նշանակէ «օրինակ»: Այս օրինակներուն մեծ մասը միակ օրինակներ են, որովհետեւ անոնք կը ներկայացնեն մէկ ճաշարանի մը մէջ առաջարկուած ճաշի մը շատ իրապաշտ օրինակը:

Ցուցահանդէս

Այժմ Ճափոնի մէջ կեղծ ուտելիքի գլխաւոր գործարանը` «Քաուասաքի», իր աշխատանքը կը ցուցադրէ մայրաքաղաք Թոքիոյի մեծ առեւտրական կեդրոններէն մէկուն մէջ: Այս միակ անգամուան համար այդ ճաշերը չեն ապսպրուած ճաշարաններու կողմէ: Անոնք գործաւորներուն կողմէ ստեղծուած արուեստի գործեր են:

Ճաշի օրինակները ձեռքով կը շինուին: Ժամանակին անոնք կը շինուէին մոմով: Այժմ անոնք յաճախ կերպընկալով կը պատրաստուին: Առաջին հերթին իւրաքանչիւր բաղադրութեան նիւթ կը ձեւաւորուի կաղապարի մը միջոցով, ապա սամփուրուները կը ներկուին եւ կը փայլեցուին: Ըստ գործարանի պատասխանատուին, եփուած ուտելիքները շատ աւելի դիւրին են վերաստեղծել, մինչ հում ուտելիքներուն, ինչպէս` բանջարեղէններուն կամ թարմ ձուկին, պատրաստութիւնը շատ աւելի դժուար է, անոնց գոյները եւ յատկապէս փայլքը ներկայացնելը խրթին աշխատանքի կը կարօտի:

Հետաքրքրական

 Արձակուրդը Կը Վերջանայ…

Մեր մօտ ամրան արձակուրդը տարուան ամէնէն երկար արձակուրդն է. անիկա կը տեւէ երեք ամիս: Սակայն գիտէի՞ր, որ աշխարհի բոլոր աշակերտները նոյն արձակուրդները չունին:

– Տարբեր տեւողութիւն

Աշխարհի հիւսիսային կիսագունդին վրայ բնակող աշակերտները ընդհանրապէս իրենց ամառնային արձակուրդը կ՛առնեն յուլիս-օգոստոս ամիսներուն: Սակայն այդ արձակուրդներուն տեւողութիւնը կը տարբերի երկրէ երկիր: Կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` Գերմանիա, անոնք կը տեւեն նուազ քան 7 շաբաթ: Մինչ ուրիշ երկիրներու մէջ այդ արձակուրդները կրնան տեւել մինչեւ 11 շաբաթ:

– Հակադարձ եղանակներ

Յուլիս-օգոստոս ամիսները ամառնային եղանակին չեն համապատասխաներ ամբողջ աշխարհին մէջ: Հարաւային կիսագունդին մէջ եղանակները կը շրջուին: Այսինքն այժմ այդ շրջաններուն մէջ ձմեռ է: Հարաւային Ամերիկայի կարգ մը երկիրներու մէջ (ինչպէս` Արժանթին, Պրազիլ…) ինչպէս նաեւ Ովկիանիոյ (Աւստրալիա, Նոր Զելանտա…) կամ Հարաւային Ափրիկէի մէջ ամառնային արձակուրդները կը զուգադիպին դեկտեմբեր եւ յունուար ամիսներուն, իսկ վերամուտ` փետրուարի սկիզբը:

– Ուրիշ շրջաններու մէջ…

Գիտէի՞ր, որ Հարաւային Քորէայի մէջ աշակերտները տարին երկու մեծ արձակուրդներ ունին. մէկ ամիս օգոստոսին, եւ 2 ամիս` յունուար-փետրուարին:

Իսկ Հնդկաստանի մէջ ամառնային արձակուրդները կը զուգադիպին ապրիլ եւ յունիս ամիսներուն:

Իսկ դուն անհամբե՞ր ես դարձեալ դպրոցի ճամբան բռնելու:

Մէկ Տարուան Կեանք Ունեցող
Պղպջակը

Երբեմն գիտնականները տարօրինակ փորձեր կը կատարեն…

Այս ձեւով, Ֆրանսայի Լիլ քաղաքի համալսարանէն խումբ մը մասնագէտներ կրցած են ստեղծել օճառի պղպջակ մը, որ տոկաց 465 օր պայթելէ առաջ: Այս փորձը յաջողեցաւ, որովհետեւ գիտնականները գործածեցին հեղուկ մը, որ աւելի տոկուն պղպջակ մը կրցաւ յառաջացնել:

Պարզ օճառի պղպջակ մը կազմուած է կազէ (մէջը) եւ դուրսէն ջուրի եւ օճառի բարակ խաւով մը: Երբ ջուրը կը շոգիանայ, այսինքն կազի կը վերածուի, պղպջակը կը պայթի: Գիտնականները կրցած են ստեղծել ջուրի եւ կլիսերօլի խառնուրդով «զօրացուած» հեղուկ մը, որ կարելիութիւնը տուաւ պղպջակին տոկալու 465 օր պայթելէ առաջ:

Զովացնող Տարազներ

Ճափոնի մէջ «Սուիթ Մամի» վաճառանիշին ստեղծագործողը կը զբաղէր երեխաներու հագուստներ պատրաստելով: Սակայն ամառնային սաստիկ տաք օրերուն, իր չիուաուա շունիկին հետ պտոյտէ մը ետք, ան կը նշմարէ, թէ իր շունիկը ուժաթափ եղած էր:

Հետեւաբար, առաջին հերթին, ան կը փափաքի միջոց մը գտնել` իր անասունները զով պահելու այդ սաստիկ տաք օրերուն: Այս գաղափարէն մեկնելով` ան յղացաւ իւրայատուկ միտք մը. զովացնող յատուկ տարազ մը` օժտուած անասունին կռնակին վրայ զետեղուած հովահարով մը:

Այս ձեւով ան սկսաւ պատրաստել զովացնող տարազներ ո՛չ միայն շունիկներուն, այլ նաեւ կատուներուն համար:

«Պոնպոններ» Համտեսելու Արհեստը

Իր նոր պոնպոնները փորձելու համար քանատական «Քենտի Ֆանհաուս» հաստատութիւնը կը դիմէ պոնպոնի մասնագէտներու, որոնց պաշտօնն է զգալ տարբեր համերը: Այս համտեսողներու փոքրիկ խմբակը ղեկավարելու համար հաստատութիւնը կը փնտռէ «համտեսող պատասխանատու» մը:

Ան հրապարակած է ծանուցում մը` ուղղուած Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բնակող եւ նուազագոյնը 5 տարեկան ոեւէ մէկ անձի: 2 շաբթուան մէջ աւելի քան 100 հազար անձեր ներկայացուցած են իրենց թեկնածութիւնը. անոնց մեծ մասը չափահասներ են: Պէտք է նշել, որ առաջարկը շատ հետաքրքրական է. տարեկան աւելի քան 77 հազար տոլար վարձատրութիւն` պարզապէս պոնպոններ ուտելու համար: Այն անձը, որ պիտի ընտրուի այս պաշտօնին համար, պիտի ստիպուի ամիսը համտեսել 35.000 պոնպոն, այսինքն աւելի քան 100 հատ օրական:

Անշուշտ` մեծ խնամք տանելով իր ակռաներուն…

Հսկայական Թիթեռնիկ Մը`
Սենեակին Մէջ

Այս ամառ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի բնակիչներէն մէկը հսկայական թիթեռնիկ մը գտած է իր կառատան պատին վրայ: Ըստ զայն ուսումնասիրող մասնագէտներուն, ձեռքի մը չափ հասակ ունեցող այս թիթեռնիկը աթլաս թիթեռնիկ մըն է: Այս տեսակի թիթեռնիկը աշխարհի ամէնէն մեծ թիթեռնիկի տեսակներէն մէկն է:

Անոր լայնքը կրնայ հասնիլ մինչեւ 25 սանթիմեթրի: Բնականաբար ան կ՛ապրի Խաղաղական ովկիանոսէն անդին, Ասիոյ վայրի անտառներուն մէջ:

Ասիկա առաջին անգամն էր, որ նման թիթեռնիկ մը կը տեսնուէր Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Տակաւին յստակ չէ, թէ ան ինչպէ՛ս մինչեւ հոն հասած է:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 6 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս օգնել խխունջին եւ ոզնիին` օգնելու դէպի տուն հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած վերը նշուած փոքրիկ առարկաները:

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր սիւնակի եւ
հորիզոնական շարքի թիւերուն գումարը հաւասար է 65-ի:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (9 Սեպտեմբեր 2022)

Յաջորդը

Լուսաւոր Տէր Հայրը (Արսէն Աւագ Քահանայ Քէշիշեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025
Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞
Մանկապատանեկան

Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞

Ապրիլ 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?