Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ Յաջորդ Հանդիպումը Նոյեմբերին. Համաձայնութիւն Գոյացաւ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մակարդակով Շարունակել Համաձայնագիրի Մշակման Շուրջ Առարկայական Բանակցութիւնները

September 1, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:

Քննարկուած են գերիներու ազատ արձակման եւ անյայտ կորսուածներու ճակատագիրի յստակացման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան, շրջանային ապաշրջափակման, Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերող հարցեր: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմէն:

Համաձայնութիւն գոյացած է արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով շարունակել առարկայական բանակցութիւնները խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի մշակման շուրջ: Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մէկ ամսուան ընթացքին:

Սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսելի մէջ` նոյեմբերին:

Ղեկավարներու ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբերին:

Միշել. «Կարեւոր Է Երկու Կողմերու Բնակչութիւնը
Պատրաստել Երկարաժամկէտ Կայուն Խաղաղութեան»

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել հանդիպումէն ետք նշեց Ազրպէյճանի կողմէ հայ գերիներու ազատ արձակման կարեւորութիւնը: Ան խոստացաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ զբաղիլ այդ հարցով:

Քննարկուած հարցերէն Միշել առանձնացուց սահմանազատման եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ քննարկումներուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացները:

«Այս բոլոր քննարկումներով ես պիտի ուզէի ընդգծել, որ կարեւոր է երկու կողմերու բնակչութիւնը տանիլ եւ պատրաստել երկարաժամկէտ կայուն խաղաղութեան: Հանրային հաղորդագրութիւնները այս առումով չափազանց կարեւոր են. նման զգայուն կացութեան մէջ հանրութեան մէջ ըսուած իւրաքանչիւր բառ ակնյայտօրէն կը լսուի միւս կողմէն եւ կը քննարկուի», նշուած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահին յայտարարութեան մէջ:

Միշել վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը հետագային եւս աջակցելու երկարաժամկէտ կայուն խաղաղութեան հաստատման: Ան ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել տնտեսական զարգացման յառաջխաղացման ուղղութեամբ` ի շահ երկու երկիրներուն եւ անոնց բնակչութեան:

 

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ցեղային Խտրականութեան Ջնջման Յանձնախումբի Նկատումներուն Մէջ Արձանագրուած Են Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Կողմէ Մարդու Իրաւունքներու Խախտումներու Դէպքերը

Յաջորդը

Միխայիլ Կորպաչով Մահացաւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.