Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է հասնելու համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարի առաջին տեղակալ Վետանթ Փաթել:
Լրագրողը Փաթելին յիշեցուցած է 31 օգոստոսին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Պրիւքսելի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին մասին` հետաքրքրուելով, թէ նախարարութեան այդ հանդիպումէն ակնկալիքները ի՞նչ են:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի վերաբերեալ ձեր հարցումին առնչութեամբ որեւէ թարմացում չունիմ: Կրնամ միայն կրկնել այն, ինչ որ նախապէս ըսած ենք` Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ կը մնան Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ ապահով, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայի խթանման, եւ մենք Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք աշխուժացնելու իրենց դիւանագիտական աշխատանքը եւ հասնելու համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի», ըսած է Փաթել:


