Ռուսական պատուիրակութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է հետագային եւս խորհրդատուական-թեքնիք աջակցութիւն ցուցաբերելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման վերաբերեալ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու բանակցութիւններուն: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուամիջոցներու համար հաղորդագրութեան մէջ:
«Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Ի. Հ. Ալիեւի, Հայաստանի վարչապետ Ն. Վ. Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վ. Վ. Փութինի 26 նոյեմբեր 2021-ի համաձայնութեան համապատասխան` սոյն թուականի 30 օգոստոսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման` ատոր հետագայ սահմանագծումի երկկողմանի յանձնախումբի հանդիպումը` Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ: Կողմերու պատուիրակութիւնները գլխաւորած են Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներ Շ. Ա. Մուսթաֆայեւը, Մ. Հ. Գրիգորեանը եւ Ա. Լ. Օվերչուքը:
«Հանդիպումին նախորդած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ սոյն թուականի 24 մայիսին երկու երկիրներու սահմանին վրայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի պատուիրակութիւններու առաջին հանդիպումի կայացումը:
«Ռուսական պատուիրակութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է հետագային եւս խորհրդատուական-թեքնիք աջակցութիւն ցուցաբերելու երկու երկիրներուն միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման վերաբերեալ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի պատուիրակութիւններու բանակցութիւններուն, սահմանին մօտ կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման:
«Նոր հանդիպումի ժամկէտներուն շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյանայ լրացուցիչ դիւանագիտական ուղիներով», կը տեղեկացնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:


