Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Բանալի բառեր
Միզածորան- ureter
Կրածին- Calcium (Ca)
Նատրիոմ- Sodium (Na)
Ներադիտակ- scope
Միացութիւն- compound
Միզաթթու- Uric acid
Շողանկար- X-ray
Ընթացակարգ- Procedure
Ի՞նչ են երիկամներու քարերը
Երիկամներու քարերը կոշտ, խճաքարի նմանող տարրեր են, որոնք կրնան ձեւաւորուիլ ձեր երիկամներէն ներս: Անոնք պատրաստուած կ՛ըլլան հանքանիւթերէ եւ աղերէ:
Երիկամներու քարերը պզտիկ կ՛ըլլան, սովորաբար եգիպտացորենի միջուկի եւ աղի հատիկի չափերու միջեւ: Անոնք կրնան ձեւաւորուիլ, երբ ձեր մարմինը չափազանց որոշակի հանքանիւթեր կը պարունակէ, եւ միեւնոյն ժամանակ չունի բաւարար հեղուկ զանոնք լուծելու կամ քշելու: Քարերը կրնան ըլլալ շագանակագոյն կամ դեղին, ողորկ կամ անտաշ:
Երիկամային քարի ախտանիշները
Ախտանիշ կրնաք չունենալ, երիկամային քար ունենալով մէկտեղ: Ախտանիշները կրնան չյայտնուիլ, մինչեւ երիկամի քարին շարժիլը:
Քարը կրնայ շարժիլ ձեր երիկամէն ներս: Ան կրնայ նաեւ շարժիլ եւ անցնիլ դէպի այն խողովակը, որ կը կապէ ձեր երիկամը միզապարկին: Ախտանիշները կրնան ըլլալ թեթեւ կամ ուժեղ: Անխտանիշներէն են.-
- Ուժեղ ցաւ ձեր կողի կամ մէջքի հատուածին կողմը` կողոսկրներուն տակ
- Ցաւ` ձեր աճուկի(1) (groin) եւ փորի ստորին հատուածին մէջ:
- Ցաւ, որ կու գայ ու կ՛անցնի եւ կը տարբերի զօրութեամբ:
- Ցաւ, միզած ժամանակ:
- Սովորականէն աւելի բաղնիք երթալ:
- Մէզ, որ պղտոր, վարդագոյն, կարմիր կամ շագանակագոյն է, կամ տհաճ հոտ մը ունի:
- Անընդհատ միզելու զգացում:
- Տաքութիւն եւ դող, եթէ վարակ ունենաք:
- Սիրտխառնուք եւ փսխում
- Այրելու զգացում, երբ միզելու ըլլաք:
- Մէզի քիչ քանակ:
- Ստամոքսի անհանգստութիւն եւ փսխում` ցաւի ժամանակ:
- Ցաւի ժամանակ տաքութիւն եւ դող ունենալ:
- Արիւնոտ մէզ:
Վերջին երեքին պարագային հիւանդը բժշկական անմիջական օգնութեան պէտք ունի:
Երիկամներու քարերու պատճառները եւ վտանգի գործօնները
Ե՛ւ տղամարդիկ, ե՛ւ կիներ կրնան ունենալ երիկամներու քարեր, սակայն տղամարդոց մօտ անոնց վտանգը կրկնակի մեծ է, քան` կանանց:
Յաճախ դժուար է պարզել, թէ ի՛նչն է ճիշդ քար յառաջացնողը: Բայց անոնք կը կազմուին, երբ ձեր մէզին մէջ որոշակի հանքանիւթերու բարձր մակարդակ ըլլայ: Այդ նիւթերէն են.-
– Կրածինը (Calcium)
– Օքզալաթը (Oxalate)
– Միզական թթուն (Uric Acid)
Քարեր կրնան կազմուիլ, եթէ ձեր մարմնին մէջ բաւականաչափ մէզ չկայ հանքանիւթերու բարձր մակարդակները «քշելու» համար,: Մտաբերեցէք ձեր սիրած ըմպելիքը` փոշիէ խառնուրդէ մը պատրաստելը: Եթէ դուք չաւելցնէք բաւականաչափ հեղուկ` ջուր կամ հիւթ, փոշին չի լուծուիր, այլ կը կուտակուի եւ կը վերածուի կոշտ ու չոր կտորներու:
Երիկամներու քարերու յառաջացման վտանգը մեծցնող գործօններէն են.-
- Սննդեղէնի տեսակը
- Փորհարութիւնը (որ կրնայ ձեզ ջրազրկել)
- Գիրութիւնը
- Երիկամներու քարերու ընտանեկան պատմութիւն
- Յղութիւն
Երիկամներու քարերու յառաջացման պատճառներէն են.-
- Ջրազրկում (dehydration)
- Բժշկական պայմաններ, որոնց կարգին են ստամոքսի շրջանցման վիրահատութիւնը (gastric bypass surgery), աղիքներու բորբոքային հիւանդութիւնները (խոցային աղիքներու բորբոքումը (Ulcerative Colitis) եւ Քրոնի հիւանդութիւնը, յօդատապը (gout), շաքարախտը եւ այլ հիւանդութիւններ
- Սի. կենսանիւթի յաւելումներ
- Ձեր սննդակարգին մէջ կրածինի պակաս
- Ձեր սննդակարգին մէջ աւելորդ օքզալաթ կամ սպիտակուց
- Որոշ դեղամիջոցներ, ինչպիսիք են Triamterene-ը` միզամուղ դեղատեսակ մը, որ կը գործածուի արեան գերճնշման համար, հակախռնիչները (decongestants) եւ սթերոիտները
Երիկամներու քարերու տեսակները
Բժիշկները երիկամներու քարերը կը բաժնեն տեսակներու. Գիտնալով, թէ անոնցմէ ո՛ր տեսակը ունիք, կրնաք գործուն ձեւով ազդել ձեր ստացած բուժման վրայ:
Կրածինի քարեր – Ասոնք ամէնէն տարածուածն են: Նոյնիսկ միայն օքզալաթներով հարուստ որոշ մթերքներ ուտելը, օրինակ` խաւարծիլը (rhubarb), կամ Տի. կենսանիւթի անսովոր, բարձր դեղաչափերու սպառումը, կրնայ մեծցնել այս տեսակ քարեր ստանալու հնարաւորութիւնը: Այս տեսակ քարերը կրնաք ստանալ նաեւ, երբ սովորաբար բաւարար ջուր չէք խմեր, կամ եթէ շատ կը քրտնիք եւ չէք փոխհատուցեր ձեր կորսնցուցած հեղուկները:
Սիսթինային (Cysteine) քարեր – Այս մէկը ամէնէն քիչ տարածուած տեսակն է եւ պայմանաւորուած է ծինական նենգափոխումով: Այս պարագային երիկամները կը դժուարանան ներծծելու Սիսթին կոչուող միացութիւնը, որ աւելի բարձր մակարդակներու պարագային կը յայտնուի մէզին մէջ եւ կը պատճառէ քարերու ձեւաւորում:
Սթրուվիթի (struvite) քարեր – Վարակները, յատկապէս միզուղիներու մէջ տեղի ունեցողները, կրնան յառաջացնել այս տեսակի քարերը:
Միզաթթուային քարեր – Մեծ քանակութեամբ կենդանական սպիտակուցներ ուտելը կրնայ պատճառ դառնալ մէզի մէջ միզաթթուի կուտակման: Այդ մէկը ի վերջոյ կրնայ յառաջացնել քար` կրածինով կամ առանց կրածինի: Վտանգի գործօններէն են յօդատապը, շաքարախտը եւ երկարատեւ փորհարութիւնը:
Երիկամային քարերու ախտորոշում
Ինչպէ՞ս ձեր բժիշկը կը գիտնայ, որ դուք իսկապէս երիկամի քար ունիք:
Նախ, անոնք ձեզմէ կը ստանան բժշկական պատմութիւն եւ կը քննեն ձեզ: Այնուհետեւ, անհրաժեշտութեան պարագային, անոնք կը նշեն քննութիւնները` ձեր երիկամներէն եւ միզուղիներէն նկարներ ստանալու համար:
Անոնք թերեւս պահանջեն.-
Արեան քննութիւններ – Ասոնք կրնան ցոյց տալ, եթէ ձեր արեան մէջ չափազանց կրածին կամ միզաթթու կայ, ինչպէս նաեւ ձեր երիկամներուն առողջութեան մասին շատ բան կրնան ըսել:
Մէզի քննութիւն – Բժիշկը կրնայ ձեզ յանձնարարել հաւաքել մէկ կամ երկու 24-ժամեայ նմոյշ: Այդ ցոյց կու տայ, եթէ ձեր մէզին մէջ չափազանց են քար յառաջացնող հանքանիւթերը, կամ եթէ քանակութեամբ բաւարար չեն այլ միացութիւններ, որոնք կրնան կասեցնել քարերու յառաջացումը:
Պատկերային քննութիւններ – Բժիշկները ասոնք կ՛օգտագործեն ստուգելու ձեր միզուղիներուն մէջ քարերու առկայութիւնը: Ձեզմէ թերեւս ուզուի որովայնի շողանկար կամ (CT) պատճէնահանում, որ կը միաւորէ շարք մը շողանկարներ` ձեր մարմնի պատկերը կազմելու համար: Շողանկարը կրնայ բացայայտել մեծ քարերը, սակայն CT-ն կ՛օգնէ բժիշկներուն գտնելու փոքրերը:

Դուրս եկած քարերու քննութիւն ու վերլուծում- Բժիշկը ձեզ կը պատուիրէ միզել կոնաձեւ քամիչի (strainer) մը մէջ, որպէսզի այնտեղ կախուի որեւէ մէկ տեսակի քար, որ կրնաք ունենալ ձեր մէզին մէջ: Ան կ՛ուղարկէ զանոնք տարրալուծարան` տեսնելու, թէ ինչէ կազմուած են այդ քարերը: Այս կրնայ ցոյց տալ, թէ ի՛նչն է, որ ձեր մօտ կը յառաջացնէ քարեր եւ ինչպէս պէտք է վարուիլ անոնց հետ:
Յղի կիներ պէտք է առաջին եռամսեակին անդրաձայնային (Ultrasound) քննութիւն կատարեն,- եւ ոչ թէ CT պատճէնահանում,- որովհետեւ երեխաները տակաւին զգայուն կ՛ըլլան ճառագայթային վնասուածքի: Թեթեւ չափաբաժիններով CT պատճէնահանումը նուազ վտանգաւոր է յղութեան երկրորդ եւ երրորդ եռամսեակին:
Երիկամային քարերու բուժում
Երիկամներու ոչ բոլոր քարերը բուժում կը պահանջեն: Եթէ քարը փոքր է, դուք կրնաք ազատիլ անկէ, երբ դուք միզելու ըլլաք: Քարի անցումը արագցնելու համար կրնաք.-
Ջուր խմել – Օրական ութէն տասը գաւաթ ջուրը կրնայ կանխել ձեր մէզին մէջ հանքանիւթերու կուտակումը:
Օգտագործել առանց դեղագիրի ցաւազրկիչներ – Իպուփրոֆէնը կամ նափրոքսէնը կրնան թեթեւցնել անհանգստութիւնը: Սպառեցէք զանոնք միայն երբ ձեր բժիշկը ընդունի:
Դեղագիր ստանալ – Բժիշկը կրնայ ձեզ ալֆա ընկալիչները արգելափակող դեղեր տալ: Ասոնք կը հանգստացնեն մկանները միզածորանին (ureter)` այն խողովակին, որ մէզը երիկամներէն միզապարկ կը տեղափոխէ, այնպէս քարը կը փոխանցուի աւելի արագ եւ աւելի քիչ ցաւով:
Եթէ ձեր քարը աւելի մեծ է կամ չէք կրնար անցընել զայն, կրնաք անտանելի ցաւ ունենալ: Այս պարագային բժիշկը կրնայ կոտրել քարը քանի մը ձեւով, որպէսզի ձեր մարմինը ի վերջոյ կրնայ ազատիլ անկէ բաժին առ բաժին: Այդ ձեւերէն են.-
Extracorporeal shock wave lithotripsy (ESWL) – Այս մէկը Միացեալ Նահանգներու մէջ երիկամներու քարերու ամենատարածուած ընթացակարգն (procedure) է: Այստեղ կ՛օգտագործուին հարուածային ալիքներ, որոնք կրնան փշրել քարը եւ վերածել զայն փոքր կտորներու: Այնուհետեւ աւելի փոքր կտորները կրնան աւելի դիւրութեամբ դուրս գալ ձեր մէզին մէջ:
Բուժումը կը տեւէ մօտ մէկ ժամ, եւ սովորաբար մօտ մէկ ժամ ետք կրնաք տուն երթալ: Այս ձեւը չի ներառեր որեւէ վիրահատական ընթացակարգ, բայց թերեւս թեթեւ ցաւ պատճառէ: Բժիշկը ձեզի հետ կը խօսի տարբերակներու մասին` ցաւամոքում (sedation), տեղային անզգայացում (ցաւը չզգալու դեղը ձեզի կը տրուի, բայց արթուն կը մնաք) եւ ընդհանուր անզգայացում (ընթացակարգի ժամանակ արթուն չէք ըլլար):
Միզածորանային դիտարկում (Ureteroscopy)- Այս ընթացակարգը կը բուժէ երիկամներու եւ միզածորաններու մէջ գտնուող քարերը: Բժիշկը բարակ, ճկուն ներադիտակ մը կ՛օգտագործէ քարերը գտնելու եւ հեռացնելու համար: Ան ձեր մաշկին վրայ որեւէ բացուածք չ՛ըներ, բայց ձեզ ընդհանուր անզգայացման կ՛ենթարկէ այս ընթացակարգի ժամանակ:
Բժիշկը ներադիտակը ձեր միզապարկի եւ միզածորանի միջոցաւ կը հասցնէ երիկամ: Փոքր կողով մը կ՛օգտագործուի պզտիկ քարերը հեռացնելու համար: Եթէ քարերը աւելի մեծ ըլլան, բժիշկը լէյզըր կ՛արձակէ ներադիտակի միջոցաւ` զանոնք կոտրելու համար: Մարդոց մեծ մասը նոյն օրը տուն կ՛երթայ:
Մաշկի միջոցաւ քարազերծում (Percutaneous nephrolithotomy) – Այլ միջոց մըն է, որով բժիշկներ կրնան ձեզ ազատել երիկամի քարերէն, ձեր մէջքի եւ երիկամի միջեւ փոքր բացուածք մը ընելով` քարը հեռացնելու համար: Այս գործընթացը կատարելէ ետք, հաւանաբար քանի մը օր հիւանդանոց մնաք:
Երիկամներու քարերու կանխարգիլում
Երիկամի մէջ անգամ մը քար ունենալը աւելի հաւանական կը դարձնէ զայն անգամ մը եւս ունենալը: Մարդոց մօտ կէսը, որ ունեցած է երիկամի քար, երկրորդը կ՛ունենայ յաջորդող 7 տարուան ընթացքին, եթէ չփորձէ կանխել զայն: Որպէսզի այդ մէկը տեղի չունենայ, կրնաք.-
- Բաւարարաչափ ջուր խմել – Պէտք է ամէն օր առնուազն ութ գաւաթ ջուր խմել: Այդ հեղուկին մէկ մասը կրնայ ըլլալ նարինջի կամ կիտրոնի հիւթ:
- Պակսեցնել նատրիոմի եւ աղի սննդեղէններու օգտագործումը.- Նատրիոմի բարձր մակարդակները կրնան բարձրացնել մէզին մէջ կրածինի մակարդակը: Այդ մէկը կրնայ քարեր յառաջացնել: Եթէ դուք պակսեցնէք նատրիոմի ձեր սպառած քանակը, զոր կը ստանաք սնունդէն եւ խմիչքներէն, այդ նաեւ կրնայ օգնել ձեր սիրտին եւ կը նուազեցնէ ձեր արեան գերճնշումը:
- Խմել եւ ուտել բաւականաչափ կրածին – Այս կանխարգելիչ քայլը կրնայ քիչ մը շփոթ ստեղծել, որովհետեւ բժիշկներ ձեզի կ՛ըսեն, որ ձեր մէզին մէջ կրածինի բարձր մակարդակը (շատ նատրիոմի պատճառով) կրնայ քար յառաջացնել: Սակայն բաւականաչափ կրածին չստանալը կրնայ բարձրացնել մէզին մէջ օքզալաթի մակարդակը: Վերջինս կը գտնէք խաւարծիլի, շոմինի, ճակնդեղի, չիփսերու եւ տապկուած գետնախնձորին մէջ. իսկ օքզալաթները երիկամներու մէջ քարեր կրնան յառաջացնել: Աւելի լաւ է ձեր կրածինը ստանաք սնունդէ ու ըմպելիքներէ, եւ ոչ թէ յաւելումներէ (supplements):
- Խուսափիլ որոշ մթերքներէ եւ զովացուցիչ ըմպելիքներէ. Եթէ դուք արդէն ունեցած էք երիկամներու առնուազն մէկ քար, լաւ կ՛ըլլայ, որ սահմանափակէք կենդանական սպիտակուցը, զոր ամէն օր կ՛ուտէք` կտորով մը, որ մօտաւորապէս խաղաքարտի չափով է: Որոշ մթերքներ, ինչպիսիք են հաւկիթը, շոմինը, ճակնդեղը, տուրմը եւ ընկոյզը, ինչպէս նաեւ քոլաները կրնան երիկամներու քարեր յառաջացնել:

Երիկամային քարերու բարդութիւններ
Բարդութիւնները կրնան յայտնուիլ երիկամներու մեծ քարի բուժումէն կամ քարերը առանց բուժումի ձգելէն ետք: Անոնցմէ են.-
- Փակ միզածորանը
- Միզածորանի վնասուածքը
- Արիւնահոսութիւնը` վիրահատութեան ժամանակ
- Ցաւը
- Միզուղիներու վարակը
- Սեփսիսը (վարակ, որ կը տարածուի ամբողջ մարմնին մէջ եւ կրնայ մահացու ըլլալ):
(1) Աճուկ- Մարդու անդամազննութեան մէջ աճուկը միացուող հատուածն է որովայնի եւ ազդրի միջեւ` ցայլքային (pubic) ոսկորի երկու կողմերը: