ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Դրական.- «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը առիթ մըն է դիտելու ժապաւէններ, որոնք այլապէս մատչելի չեն հանրութեան, առիթ` երիտասարդ բեմադրիչներու, որպէսզի ստանան ճանաչում եւ նիւթական աջակցութիւն, եւ ինչպէս փառատօնի հիմնադիր Յարութիւն Խաչատրեան կարեւորած է, առիթ` երկխօսութեան, թէ ո՛ւր կը գտնուինք, եւ ո՛ր ուղղութեամբ կ’ուզենք շարժիլ: Շա՛տ բարի: Այժմ
Տօնական.- «Ոսկէ ծիրան»-ի կազմակերպչական աշխատանքները մինչեւ մետասաներորդ ժամ ընթացան մեծ շփոթի եւ անորոշութեան մէջ: Այդ կը թելադրէ, որ «Ոսկէ ծիրան»-ը սերտօրէն չի գործակցիր մեծ հաստատութիւններու հետ: Նման կազմակերպութիւններ կ’ունենան երկարաժամկէտ ծրագիրներ: Ի տարբերութիւն նախորդ «քորոնահար» տարիներուն` բացման հանդիսութեան համար այս տարի պահոցներէն դուրս բերուեցան կարմիր գորգերը, զիլ շեփորներն ու թանկարժէք քոնեաքը: «Կինօ Մոսկուա»-ի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ եւս մէկ աստղային պատուոյ սալի ծէս-արարողութիւն: Գլխաւոր պատուոյ հիւրն էր հոլիուտաբարոյ «Խոստում» (The Promise 2016) ժապաւէնի բեմագիր-բեմադրիչ Թերի Ճորճ` իբրեւ ոչ նուազ քան դատական կազմի նախագահ: Այդ յստակ ցուցանիշ մըն է փառատօնի արեւելումին, աւելի ճշգրիտ ըսած` դէպի Միացեալ Նահանգներ թեքումի: Պատուոյ հիւր էր նաեւ ծանօթ «Z» ժապաւէնի (1969) ծերունազարդ բեմադրիչ Քոսթա Կաւրաս, որ այժմ անդրադարձած է, թէ շարժապատկերը ոչ թէ քաղաքականութիւն է, այլ հաճոյք: Պատուոյ հիւր էր նաեւ ճաշարանատէր-գործարար-երրորդական դերասան Քեն Դաւիթեան:
Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Աւետիսեան կը յայտնէ, որ փառատօնը կը ձգտի «ունենալ տարածաշրջանային կիզակէտ» (1): Տարածաշրջան կը նշանակէր` Թուրքիա, Վրաստան, Իրան եւ Ռուսիա: Այժմ այդ դասին աւելցած են Իսրայէլ եւ այլ պետութիւններ, որոնց ծանօթ չեմ: Ծանօթ չեմ, որովհետեւ, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներու, կազմակերպիչները իրենց ստացած յայտերու պատկանելիութեան եւ սեռին (խաղարկային, վաւերագրական, կարճամեթրաժ եւն.) շուրջ այս կամ այն պատճառով որեւէ համակարգուած ծանօթութիւն չհրապարակեցին: Հետեւաբար կարելի չեղաւ պարզել, թէ ի՛նչ կշիռ ունի իւրաքանչիւր կողմ կամ սեռ:
Փառատօնի հիմնական բաղկացուցիչն է հայկական ժապաւէններու ֆինանսաւորումը, այլ խօսքով` ծրագիրներու շուկայադրումը: Այդ հարթակը կը կոչուի «Gaiff-Pro» (2): Անցեալ ակնարկներու կրկնութեան գնով կը նշեմ, որ շնորհակալ յաւելում էր «Կորիզ» գլուխը, ուր կը ցուցադրուին երիտասարդ բեմադրիչներու փորձառական կարճ ժապաւէնները:
Գաղտնաբառային.- Այս ակնարկի առաջադրանքն է ներկայացնել այն ժապաւէնները, որոնք Հայաստանի, ուրեմն եւ փառատօնի ընթացքին մասին ասք ունին: Ցուցադրուած բոլոր ժապաւէններու ամփոփումները որսալէ եւ զննելէ ետք ընտրեցի 14-ը: Այդ տաժանակիր աշխատանք էր, որովհետեւ, ինչպէս վերը նշեցի, չկար համապարփակ եւ իմանալի հասանելի ծրագիր: Աւելի տաժանակիր մարաթոն էր դիտելու արտօնութիւն ստանալը, որովհետեւ հարկ եղաւ դիմել ժապաւէնը արտադրող կողմերուն առանձին-առանձին եւ շահագրգռել զանոնք: Շուկայադրական մթնոլորտի մէջ այդ դիւրին չէ, որովհետեւ ներկայ ակնարկը հազիւ թէ հասնի «տարածաշրջանային» հաւանական գործընկերներու: Կորզուած գաղտնաբառերը ի զօրու կը մնային 1-2 օր միայն:
Ընտրուած ժապաւէնները կարելի է չորս դասի բաժնել.
Ա.- Ամերիկեան-քարոզչական
Բ.- Հայաստանեան-ընկերային
Գ.- Լուռ ցաւեր
Դ.- Հայրենասիրական
Պիտի կեդրոնանամ միայն առաջին երկու խումբերուն վրայ: Երրորդը բեմադրիչի անհատական տուայտանքներու շուրջ է, իսկ չորրորդը չքմեղանքի բնոյթ ունի: Հարկ է հայրենասէր թուիլ, որովհետեւ հայրենասէր մը չի կրնար որեւէ ձեւով պատասխանատու ըլլալ այն ահաւոր աղէտին, որուն ենթարկուեցանք: Յանցաւոր են ուրիշնե՛ր: Երեւոյթը կը նկատենք լրատուական միջոցներու, ընկերային ցանցերու մէջ եւ ամէնուր: Քաւութեան նոխազներու զենումը կրնայ բերել խղճի ստապատիր հանգստութիւն, բայց ոչ` հոգիի փրկութիւն: Նշեմ, որ այդ երկու դասերու պատկանող ժապաւէնները որեւէ մրցանակ չստացան:
Ա1.- «Ամերիկացի», բեմադրիչ եւ բեմագիր Մայքլ Գուրջեան, 125 վ, 2022:
Արտադրող ընկերութիւնն է Արման Նշանեանի գլխաւորած «People of Ar»-ը (Ար-ի Ժողովուրդ) (3, 4): Նկարահանումները կատարուած են Հայաստանի մէջ: Շարք մը անուանի դերասաններ, ինչպէս Նարինէ Գրիգորեան եւ Արման Նաւասարդեան ստանձնած են երկրորդական դերեր: Գլխաւոր հերոսը փայլուն կերպով մարմնաւորած է նոյնինքն Մ. Գուրջեան: Այս առաջին ժապաւէնն է, որ կը համարձակի ձեռք առնել յետ Բ. Աշխարհամարտի հապճեպ գործադրուած հայրենադարձութեան ցաւոտ նիւթը (5):
Բեմադրիչը կ’ըսէ, որ դիպաշարը համադրումն է բազմաթիւ վկայութիւններու, որոնցմէ ոմանք կը պատկանին աշխատախումբի նախնիներուն:
Բացման տեսարաններուն մէջ կը տեսնենք բեմադրիչին պապը` Մանուկ Գուրջեան, որ արկղի մը մէջ պահուելով` փրկուած է սպանդէն, ապա գաղթած` դէպի «ազատութիւններու հրաշք երկիր»` Միացեալ Նահանգներ: Իր փակուած արկղի բացուածքէն Մանուկ ականատես կ’ըլլայ բռնագաղթին եւ սպանդին (6): Սպաննուող տատիկի վերջին պատգամն է դաժան կեանքը ժպիտով դիմակալել: Այդ է նաեւ ժապաւէնին հրապարակած պաշտօնական պատգամը:
Աշխարհագրութեան եւ ժամանակի (ուրեմն եւ` գլխագիր Պատմութեան) հսկայ ոստումով մը Մանուկը Երեւանի թշուառ փողոցներէն մէկուն մէջ կը յայտնուի որպէս հայրենադարձ «Չարլի»: Մէկ հացի սպասող երկար շարքին մէջ իրարանցում եւ հրմշտուք կը սկսի, որովհետեւ հասած էր հաց կրող բեռնատարը: (Ինչո՞ւ ականջս կը խժժայ): Չարլի կը փրկէ ռուս ոստիկանապետի տղեկը վտանգաւոր արկածէ: Տղեկին մայրը, որ ոստիկանապետի կինն է (ո՜վ բախտորոշ պատահար), որպէս երախտագիտութիւն` Չարլին կը հրաւիրէ շքեղ ճաշարան մը, որուն յաճախորդները անշուշտ իշխանաւորներն են: Տեսարանը աղաղակող հակադրութիւն է հացի շարքին: Բայց ինչո՞ւ այդ վայելուչ մուշտակազարդ կինը կը գտնուէր սովահար գորշ բազմութեան կողքին: Ինչեւիցէ: Ճաշարանին մէջ ռուս ամուսինը կ’ըմբռնէ, որ Չարլիի ամերիկեան հրապարակային ազատախոհ վարմունքը թոյլատրելի չէ: Հեռաձայնի կարճ հրահանգ մը բաւարար էր, որ հայ ոստիկաններ խոշտանգեն Չարլին եւ պարտադրեն ստորագրել խոստովանութիւն մը` զինք Սիպիր աքսորելու որպէս ամերիկեան լրտես: Երկերես նենգ ռուս սպան կինը կը խաբէ, թէ նորեկ Չարլիի համար լաւ աշխատանք ապահոված է: Հայ ոստիկանապետը, կոմիսարը եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց «հոգին ծախած են Ստալինի», ներկայացուած են ծաղրանկարային բարբառով եւ վարուելակերպով: Այս առումով ժապաւէնը կը թուի ունենալ Պաղ պատերազմի թէժ օրերու մօտեցումը: Խոշտանգումի տեսարանին մէջ Չարլի ամերիկեան առոգանութեամբ կը կրկնէ. «Ես շաատ հաայ եմ, ես շաատ հաայ եմ…»:
Ժապաւէնի ամբողջ ընթացքին մենք ոչինչ կը տեսնենք` բացի բանտէն: Կը թուի, թէ բանտը այլաբանական ձեւով կը ներկայացնէ Խորհրդային Հայաստանը:
Բանտապահները անշուշտ արագ կռահած են, որ անգլիախօս կալանաւորը լրտես մը չէ, բայց յամենայն դէպս` վտանգաւոր, որովհետեւ անոր ամերիկեան ազատախոհ վարքը կրնայ վարակիչ ըլլալ: Չարլի կը պահուի մեկուսացած խուցի մը մէջ: Զբօսանքի բակին մէջ բոլորը կը նկատեն անոր տարօրինակ, «ծիծաղաշարժ» վարմունքը եւ «ամերիկացին» կը կոչեն Չարլի Չեփլին: Բեմադրիչը իր պապը վերանուանած է Չարլի (եւ ոչ, օրինակ, Ճորճ) յատուկ ա՛յս դիտաւորութեամբ:
Եւ ահա կը պատահի երկրաշարժ, որ մասամբ կ’աւերէ բանտը եւ ճեղք մը կը բանայ անոր պարիսպին մէջ: Երկրաշարժն ու բացուածքը թերեւս այլաբանական են: Չարլի (Երկաթեայ վարագոյրի՞) բացուածքի ընդմէջէն կը սկսի դիտել հանդիպակաց տան կեանքը: Այդ իր միակ կապն է արտաքին աշխարհի, խորհրդային կենցաղի հետ (7): Չարլի բանտի ճաղերու ետեւէն կը սկսի անոնց հետ ճաշել, անոնց հետ ուրախանալ եւ տխրիլ, անոնց հետ երգել եւ նոյնիսկ մտովի պարել: Ամրակազմ ամուսինը` Տիգրան, այլախոհ նկարիչ մըն է, որուն արգիլուած է նկարել եւ` պարտադրուած, որ դառնայ կալանաւորները տանջելու պարտականութիւնը ստանձնած բանտապահ միեւնոյն բանտին մէջ (կրկին տարօրինակ զուգադիպութիւն: Դրացին կրնար ըլլալ երկաթագործ մը եւ կամ ուսուցիչ մը): Տիգրան ի հարկէ կը տառապի եւ կը խմէ: Կինը` Ռուզան (Նարինէ Գրիգորեան), նոյնպէս ապերջանիկ է: Տիգրան իր պատրաստած ներկերով սեղանի սփռոցին վրայ Արարատ կը նկարէ: Այո՛, իր հոգին Ստալինի չծախած այլախոհ հայը իր կուրծքին տակ Արարատ ունի: Բուռն վէճէ մը ետք Ռուզան կը լքէ Տիգրանը: Չարլի իր բաժին ծխախոտով կը կաշառէ բանտապահ մը եւ գծագիր նամակներով (որովհետեւ հայերէն չի գիտեր) կը յաջողի զոյգը միաւորել: Միաւորումը կը պտղաւորուի նորածինով մը: Նոր հայ մը կը ծնի: Տիգրան իր թեզանիքին վրայ այլեւս չի կրեր բանտապահի երիզը:
Նոր զուգադիպութեամբ մը ռուս ոստիկանապետին կինը զինք կրկին կը տեսնէ: Ստալին արդէն մահացած է: Կնոջ միջնորդութեամբ Չարլի ոչ միայն ազատ կ՛արձակուի, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներ վերադառնալու անցագիր կը ստանայ: Ի հեճուկս երկարատեւ տանջանքին, Չարլի կ’որոշէ մնալ, պայքարիլ, եւ պայքարի ոգի ու լաւատեսութիւն ներշնչել իր նախնիներու ազգակիցներուն: Կը տեսնենք, թէ ինչպէս տանտիրուհի մը զինք ջերմութեամբ կ’ընդունի: Իր նոր բնակարանի դարակներէն մէկուն վրայ կը գտնէ այն սեղանի սփռոցը, որուն վրայ Տիգրան Արարատը նկարած էր: Ամերիկացին մինակ չէ այլեւս, ունի համախոհ բարեկամներ:
Հարկ է նշել, որ ժապաւէնին մէջ, բացի սովահարներու հացի շարքէն, դժոխային բանտէն եւ կոմունիստներու շքեղ ճաշարանէն, ոչ մէկ տեսանիւթ ներառուած է Խորհրդային Հայաստանի առօրեայէն:
Հայերէն ոչ մէկ բառ իմացող ամերիկացին իր ազատախոհ ոգիով յաջողած է ստրկացած հայը փրկել բիրտ արջի թաթերէն: Հիմա բացատրե՞մ, թէ ինչո՛ւ այս թոյլ բեմագրութեամբ, թոյլ բեմադրութեամբ, ակնյայտօրէն քարոզչական ժապաւէնը ընտրուած է բացման հանդիսութեան համար:
Ա2.- Աւրորայի լուսաբացը Aurora՛s Sunrise, Իննա Սահակեան, 2022, 95վ
«Արծաթ ծիրան» մրցանակին արժանացած ժապաւէնին առանցքը կը կազմեն դոկտ. Ռուբէն Ատալեանի 1975 եւ 1984 թուականներուն կատարած երկու հարցազրոյցները Աւրորա Մարտիկանեանի (1901-1994) հետ: Այդ մաս կը կազմէր «Զօրեան» հաստատութեան` Եղեռնը վերապրողներու վկայութիւնները ամրագրելու ձեռնարկին: «Հոգիներու աճուրդ» – «Յօշոտուած Հայաստան» ծանօթ ժապաւէնէն (1919) առնուած կարգ մը տեսարաններ եւ գծագրայինի վերածուած խաղարկային դրուագներ կու գան «նկարազարդելու» (illustration) Մարտիկանեանին յուշերը: Խաղարկային նկարահանումներուն մասնակցած են շուրջ 30 դերասաններ: Գլխաւոր նկարիչն է Տիգրան Առաքելեանը, որ գլխաւորած է աւելի քան երկու տասնեակ անձերէ բաղկացած աշխատակազմ: Ժապաւէնը մեծածախս է:
Ընթերցողներէն ոմանք կը յիշեն, որ Եղեռնի 100-ամեակի զեղումներու շարքին տիկին Սօսի Գեւոնեան Պէյրութ եկած էր իր հեղինակած «Մինչ հոգիներու աճուրդը» (Prior to the Auction of Souls) գծագիր (graphic) մանկապատանեկան վիպակը ծանօթացնելու համար: Այդ գրքոյկը եւս հիմնուած է Ա. Մարտիկանեանի յուշերուն վրայ, որոնք քանի մը տարբերակով հրապարակուած են (տես կողքի նկարը): Հիմնուած տիկին Գեւոնեանին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տուած դասախօսութեան, այդ գրքոյկին նկարչական ոճը կը նմանակէր համիտեան ջարդերու վաղորդայնին Ֆրանսայի մէջ հրատարակուած «քարտ փոսթալ»-ները: Թուրքերը կը ներկայացուին որպէս ֆեսաւոր, պեխաւոր ճիւաղներ, իսկ հայուհիները` այդ ժամանակաշրջանին տիրող «արեւելապաշտական» (orientalist) ոճի մանկամարդ գեղուհիներ:
Տեսակցութեան ներկայանալու համար 83-ամեայ տիկին Մարտիկանեան կը կրէ նմանակը այն տարազին, որով զգեստաւորած էին 18-ամեայ Աւրորան «Յօշոտուած Հայաստան» ժապաւէնի որմազդին մէջ: Մարտիկանեան պահած է այդ որմազդը, ուր իր կողքին կը տեսնուի նաեւ անխօս շարժապատկերի աստղ Աննա Ք. Նիլսընը (1888-1974): Գլխուն վրայ կը տեսնենք կարմիր ժապաւէն մը: Ակնյայտ է, որ տիկին Մարտիկանեան հոգեկան եւ մտային խանգարում ունի: Եղեռնի եւ սեռային ստրկութեան ահաւոր խոցերուն բարդուած է (թէկուզ` բարեսիրական նպատակով) չարաչար շահագործուելու եւ ապա լքուելու մաշեցնող տուայտանքը: Դոկտ. Ատալեան հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է. «Բոլորս գիտենք, որ Մարտիկանեանի յուշերը վաւերագրութիւն չեն»: «Մարտիկանեան հիանալի հեքիաթասաց մըն է», կ’աւելցնէ Ատալեան (8):
Խոցը մեղմելու համար Մարտիկանեան յուշերը այնպէս վերախմբագրած եւ յօրինած է, որ ինք ցուցաբերէ հերոսական դիմադրութիւն եւ կատարէ յանձնառութիւն, որ իրեն վստահուած է պատկառելի անձերու կողմէ, ինչպէս` Անդրանիկ փաշա ու Չարլի Չեփլին եւ ականաւոր դեսպան Մորկնթաու: Կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս ինք փախուստ տուած եւ Չմշկիկ վերադարձած է տան մէջ իր հօր պահած ատրճանակով զինուելու համար: Փախած է նաեւ լլկանքէն` գերմանացի սպաներու, որոնք զինք ուիսքիով (Տէր Զօրի մէջ գերման սպաներ եւ ուիսքի՞) գինովցուցած են եւ…
Մարտիկանեան կը նշէ նաեւ, որ ինք ընդդիմացած է «Յօշոտուած Հայաստան» ժապաւէնի կարգ մը հնարովի դրուագներուն, ինչպէս` մերկ հայուհիներու խաչելութիւնը: Ակնյայտ է, որ Մարտիկանեան դառնացած է «Նիր իսթ ռիլիֆ» կազմակերպութեան գործնապաշտ անմարդկային վերաբերմունքէն: Այդ խոցը տակաւին կը մղկտայ:
Գծագրային (animation) մասը խաղարկային նկարահանումներու պարզացումն է` մանրամասնութիւնները ջնջելու միջոցով: Բեմադրիչը եւ նկարչական աշխատախումբի ղեկավար Տիգրան Առաքելեանը այդ կը համարեն իրապաշտական, մինչդեռ բնականապաշտութիւն (naturalism ճշգրիտ բնախօսական համեմատութիւններով) է եւ այլն: Իրապաշտութիւնը գաղափարական այն կեցուածքն է, որ կը ջանայ բացայայտել երեւոյթներու ներքին յարաբերութիւնները: Գծագրայինի նպատակը հարկ էր, որ ըլլար ոչ թէ ցոյց տալ, այլ թելադրել անասելին: Իսկական սարսափի ժապաւէններուն մէջ մենք երբեք սատանան չենք տեսներ: Ճիւաղներու որեւէ պատկերում ատակ է յառաջացնելու աւելի ծիծաղ, քան ահ:
Ժապաւէնը կ’աւարտի խորհրդային գեղանկարչութիւնը յիշեցնող զուարթ բնանկարով մը (9): Այդ քաղաքական քարոզչութիւն է, որովհետեւ Մարտիկանեանի կեանքը բարեզարդ աւարտ չէ ունեցած: Ժապաւէնը կրնայ ծառայել որպէս հոգեբուժական վարժութեան հում նիւթ: Աւելի յարիր պիտի ըլլար զայն վերնագրել «Աւրորայի ցնոր մայրամուտը»: Պէտք է յուսալ, որ այս դրուագով կ’աւարտի Մարտիկանեանի շահարկումը, եւ եթէ ոչ ան, ապա գոնէ անոր բազմաչարչար ոսկորները հանգիստ կը գտնեն «հրաշք երկիր» Ամերիկայի մէջ:
Յ. Գ. Քարոզչական ժապաւէններուն պէտք է աւելցնել առնուազն եւս երեքը, որոնք բացայայտօրէն հակասովետ են: Շարք մը հայաստանցիներու համար «սովետ» եւ «ռուս» հոմանիշներ են:
Կապիտան Վոլկոնոգովը փախել է.- Կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս խորհրդային KGB կը յօշոտէր ոչ միայն հասարակ ժողովուրդը, այլ նաեւ` իր իսկ այս կամ այն պատճառով անբաղձալի անդամները:
Նկարչի երեք գերեզմանները.- Բեմ. Յարութիւն եւ Ռուբէն Խաչատրեաններ, 2021, 100 վ: Ժապաւէնը կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս տաղանդաւոր նկարիչ Վահան Անանեան կը պարտաւորուի լքել Խորհրդային Հայաստանը, որպէսզի կարենայ ազատ ապրիլ:
Դարձիր Արեւին.- Բ. Աշխարհամարտին խորհրդային բանակի գերի ինկած զինուորներէն շատեր Սիպիր ուղարկուեցան նացիներու հետ գործակցած ըլլալու մեղադրանքով:
10 օգոստոս 2022
(Շար. 1)
———————
- Տեսակցութիւն, M. Hristova, Cineuropa, 8 յուլիս 2022:
- GAIFF- Golden Apricot International Film Festival. PRO ունի մի քանի առնչութիւն.- Project, Professional, Work in Production, եւն:
- Մօտիկ անցեալին Նշանեան արտադրած էր «Սողոմոնի երգերը» ձախաւեր ժապաւէնը:
- «Ար» արմատը կը տեսնենք բազմաթիւ դիցաբանական կապակցութիւն ունեցող անուններու մէջ.- Արա, Արեւ, Արարատ, եւն: «Արի ժողովուրդ»-ի «լոպազ» դրոյթները տեղ գտած են ժապաւէնին մէջ: Գիտէի՞ք, որ հայեր հնարած են առաջին աստղադիտարանը, գարեջուրը եւ… ամերիկեան տոլարի կանաչ գոյնը:
- Մարդկային ահաւոր կորուստներու պատճառով բնակչութեան թիւը այնքան նուազած էր որ Հայաստան հանրապետութեան հանգամանքը կորսնցնելու գոյութենական վտանգին առջեւ կը գտնուէր:
- Թուրք ասկեարներ սպանութիւնները կը գործադրեն «ՏԱՀԵՇ»-ական» ոճով:
- Կարելի չէ չնկատել զուգահեռը Ա. Հիչքոքի «Պատուհան դէպի բակ» (Rear Window 1954) ժապաէնին հետ ուր արկածի որպէս հետեւանք ոտքը կոտրած թղթակից մը «դատապարտուած» է մնալու իր սենեակին մէջ: Ան, Չարլիի նման «ետեւի պատուհանէն» ամբողջ օրը կը դիտէ բակի հանդիպակած կողմը գտնուող յարկաբաժին մը ուր նոյնպէս կ’ապրի զոյգ մը: Թղթակիցը կը փորձէ հասկնալ այդտեղ կատարուած տարօրինակ իրադարձութիւնները այնպէս ինչպէս Չարլի կը փորձէ ծանօթանալ խորհրդային կենցաղին:
- Վարկածի վաւերագրութիւն Ա. եւ Բ., 28 եւ 29 յունիս 2016:
- Յատկապէս Յովհաննէս Զարդարեանի (1918-1992) բնանկարները: