Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը այսօր` հինգշաբթի, 25 օգոստոսին, Ասիոյ գօտիին աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ (Դ. հանգրուան) կը մրցի Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), պիտի սկսի ժամը 21:00-ին:
Իսկ երկուշաբթի, 29 օգոստոսին, Լիբանան հիւրը պիտի ըլլայ Հնդկաստանի, Պանկալուրի մէջ:
Նշենք, որ իր կատարելիք յաջորդ վեց մրցումներէն Լիբանան միայն երկու յաղթանակի պէտք ունի` ապահովելու համար աշխարհի ախոյեանութեան իր տոմսը:
Աշխարհի այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարի, երեք երկիրներու մէջ (Ճափոն, Ինտոնեզիա եւ Ֆիլիփեան կղզիներ):


