
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախարարներ Ղազի Արիտին, Ալաէտտին Թըրրոն եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի, որ շեշտեց Պըրրիի յանձնառութիւնը` Լիբանանի կայունութեան պահպանման եւ քաղաքական երկփեղկումը չխորացնելու:
Արիտի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը եղած է դրական եւ արդիւնաւէտ` նկատի ունենալով յառաջիկայ երկուշաբթի օր տեղի ունենալիք խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը:
Արիտի նկատել տուաւ, որ իրենք համաձայն են Պըրրիի առաջարկին, որուն կը զօրակցի նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ: Ան դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է օգտուիլ խորհրդարանի նախագահին շինիչ առաջարկներէն` յանգելու համար համաձայնութեան մը:
Ան մաղթեց, որ երկուշաբթի օրուընէ առաջ կարելի ըլլայ լուծման մը յանգիլ եւ փակել անլոյծ բոլոր թղթածրարները, որպէսզի կարելի ըլլայ թէ՛ խորհրդարանին եւ թէ՛ կառավարութեան աշխատանքը արդիւնաւէտ դարձնել:


