Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն Արսենալ, որ հիւրը եղաւ Պուրնըմաութին, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը:
Սպանացի Միկել Արթեթայի գլխաւորած կազմը, որ այսպիսով արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, այժմ կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց նորվեկիացի յետսապահ Մարթին Օտեկաարտ (5-րդ եւ 11-րդ), մինչ երրորդ կոլը նշանակեց ֆրանսացի Ուիլիամ Սալիպա (54-րդ):
Չելսի, որ հիւրը եղաւ Լիծ Եունայթըտին, անկէ կրեց 3-0 արդիւնքով քիչ մը ծանր պարտութիւն մը:
Նշենք, որ գերմանացի Թոմաս Թուխելի գլխաւորած կազմը` Չելսի, նախորդ երկու մրցումներուն արձանագրած էր յաղթանակ մը եւ հաւասարութիւն մը:
Ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի կորսնցուց տարեշրջանի իր առաջին երկու կէտը, երբ Նիւքասըլի դաշտին վրայ արձանագրեց 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:


