Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Ամառնային երեկոյով դաշտագնացութիւն մը. ի՞նչը կրնայ ասկէ աւելի լաւ ըլլալ: Սակայն հոն, աւելի ուշ, մէկը մժեղի խայթոց կը ստանայ, եւ այնտեղ կը սկսի գրոհը: Մինչ մժեղները խնճոյք կը սարքեն իրենց ընտրած թիրախներով, ներկայ այլ մարդիկ անվնաս կը մնան այդ բոլորէն, բայց ինչո՞ւ: Medical News Today-ը կը ներկայացնէ, թէ ի՛նչն է որ կը գրաւէ մժեղները, ինչո՞ւ անոնք կը թիրախաւորեն որոշ մարդիկ, եւ ինչպէ՞ս փորձել կասեցնել անոնց խայթոցը, եթէ դուք «անյաջողակներէն էք»:
Մժեղներու աւելի քան 3500 տեսակ կայ, որոնցմէ միայն քանի մը տեսակները կը խայթեն մարդիկը: Եւ միայն էգ մոծակներն են, որոնք կը խայթեն. անոնց պէտք է արիւն` որպէս սպիտակուցի աղբիւր` իրենց ձուերուն բնականոն աճին համար:
Այդ ստանալու համար անոնք կը ծակեն իրենց ընտրած թիրախին մորթը` օգտագործելով իրենց ասեղանման ծծոցը: Այդ մէկը կրնայ յառաջացնել քերուըտուք, ուռեցք եւ նոյնիսկ լուրջ հիւանդութիւն:
Շատ երկիրներու մէջ մժեղի խայթոցը աւելին է, քան` պարզապէս անհանգստութիւն մը: Անոֆելես (Anopheles) տեսակին կողմէ փոխանցուող մալարիայի հիւանդութենէն մինչեւ դեղին տենդ (yellow fever) եւ տենդ (dangue fever) յարուցող ժահրերը: Մժեղները պատասխանատու են մեր մեծագոյն «մարդասպան» հիւանդութիւններուն փոխանցման համար:
Նոյնիսկ եթէ կ՛ապրիք տեղ մը, ուր խայթոցը չի պարունակեր հիւանդութեան վտանգ, մժեղի բարձր վզզոցը անցանկալի աղմուկ մըն է:
Խայթոցէն յառաջացած քերուըտուքն ու ուռեցքը կրնան տեւել քանի մը օր: Քերելը կրնայ յանգիլ վարակի եւ շատ քիչ մարդոց մօտ ալերժիք հակազդեցութեան, որ կրնայ յանգիլ անաֆիլաքթիք կաթուածի:
Ինչո՞ւ ես
Որքա՞ն յաճախ տուն վերադարձած էք մժեղներու խայթոցներով պատուած երեկոյեան դաշտագնացութենէ մը ետք` պարզելով, որ նոյն շրջագայութեան ժամանակ միւս մասնակիցները ընդհանրապէս չեն խայթած անոնք: Ի՞նչն է, որ կը ստիպէ մժեղները` խայթել որոշ մարդիկ, իսկ միւսները պարզապէս անտեսել:
Դոկտոր Ճակտիշ Քուպչանտանի` Նիւ Մեքսիքօ նահանգի համալսարանի հանրային առողջութեան փրոֆեսէօրը, Medical News Today-ին ըսաւ. «Քանի մը ուսումնասիրութիւններով քննարկուած են մժեղներու` մարդոց կողմէ գրաւուելու պատճառները: Այս ուսումնասիրութիւնները քննարկած են մարմնի հոտը, գոյնը, մորթին ջերմաստիճանը եւ կառուցուածքը, մորթին վրայ ապրող մանրէները, յղութեան կարգավիճակը, մարդոց արտաշնչած ածխաթթու կազը, ալքոլը եւ սննդակարգը: Ընդհանուր առմամբ, ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ յղի կիները, բարձր մարմնի ջերմաստիճանը եւ քրտնարտադրութիւնը, մորթի տարբեր մանրէներու առկայութիւնը եւ աւելի գոց գոյն մորթ ունեցող մարդիկ կրնան աւելի զգայուն ըլլալ»:
Սակայն պատասխանը պարզ չէ: Մժեղներու որոշ տեսակներ գրաւող քիմիական նիւթերը այլ տեսակ մժեղներ հեռու կը պահեն: Մարդիկ կ՛արտադրեն հազարաւոր տարբեր քիմիական նիւթեր, ուստի մժեղներու վարքագիծին վրայ ազդող նիւթերը պարզելը դիւրին չէ:
Ածխաթթու կազը` քաշողականութեան գործօն
Մարդիկ, գրեթէ բոլոր այլ կենդանի էակներուն հետ միասին, բջիջային շնչառութեան արդիւնքով կ՛արտադրեն ածխաթթու կազ (CO2), ջերմութիւն եւ խոնաւութիւն: Ասոնք են, որ սկզբնապէս կը գրաւեն մժեղները:
Էգ մժեղները կը յայտնաբերեն CO2-ն, ինչպէս նաեւ` մարդու մորթի այլ հոտաւէտ նիւթերը, օգտագործելով մեծապէս զգայուն ջղային բջիջները, որոնք կը կոչուին «cpA նիւրոն»-ներ:
Ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ մժեղներու երեք տարբեր տեսակներ, որոնք տարբեր տեսակի հիւանդութիւններ կը կրեն, կը դառնան գործուն եւ կը գրաւուին CO2-ով: Բայց բոլորը կ՛արտաշնչեն CO2, ուստի ասիկա չի կրնար բացատրել, թէ ինչո՛ւ մժեղները աւելի շատ կը խայթեն որոշ մարդիկ, քան ուրիշներ:
Այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ կ՛ենթադրուի, թէ որքա՛ն բարձր ըլլայ CO2-ի արտաշնչումը, այնքա՛ն մեծ կ՛ըլլայ գրաւչութիւնը: «Մարմնի աւելի մեծ զանգուած ունեցող անհատները, ըստ երեւոյթին, աւելի գրաւիչ են մժեղներու եւ միջատներու. բան մը, որ կրնայ կապուած ըլլալ նաեւ այլ գործօններու հետ, ինչպիսիք են մակերեսի աւելցումը եւ յաւելեալ CO2-ի արտաշնչումը», կը գրեն հեղինակները:
Այսպիսով, արդեօ՞ք առողջ մարմնի զանգուածի պահպանումը կրնայ օգնել զսպելու խայթոցները: Այս մէկը անհասկնալի կը մնայ:
Կաթնաթթու (Lactic Acid)
Շարք մը հետազօտութիւններ յայտնաբերած են կաթնաթթուն` որպէս այլ քիմիական նիւթ մը, որ գրաւիչ է մժեղներուն համար: 1968 թուականին ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, որ կաթնաթթուն կը գրաւէ դեղին տենդի հիւանդութիւնը կրող էգ մժեղները:
Այլ ուսումնասիրութիւն մը զայն նշած է իբրեւ մժեղները գրաւող բնորոշ նիւթը:
Մարզուած ժամանակ մենք կաթնաթթու կ՛արտադրենք, ուստի լաւագոյն խորհուրդը մարզուելէ անմիջապէս ետք օճառով լուացուիլն ու լիովին չորցուիլն է` նախքան դուրս ելլելը:
Մորթի պաքթերիաներ
Մենք ծածկուած ենք միլիոնաւոր պաքթերիաներով, որոնք կենսական նշանակութիւն ունին մեր մորթը առողջ պահելու համար: Բայց արդեօ՞ք մորթի պաքթերիաներու բաղադրութիւնը կ՛որոշէ` մեզ խայթելու հաւանականութիւն կա՞յ, թէ՞ ոչ:
Ուսումնասիրութիւն մը հետազօտած է այդ մէկը Anopheles gambiae-ի հետ, որ մալարիա կրող տեսակ է: Սկիզբը անոնք փորձարկեցին 48 տղամարդու մորթի պաքթերիաներու բաղադրութիւնը նախքան անոնց ոտքերուն վրայ ապակեայ հլուններ գլորելը` որպէս խայծ մժեղներուն:
Անոնք պարզած են, որ տղամարդոցմէ ինը շատ գրաւիչ են մժեղներուն համար, եօթը` ոչ գրաւիչ, իսկ մնացածը` երկուքին միջեւ:
Իսկ պաքթերիաներու բաղադրութիւնը ազդեցութիւն ունէ՞ր: Ըստ երեւոյթին, այո՛: Որքան մեծ ըլլար պաքթերիաներուն թիւը ոտքերուն վրայ, այնքան աւելի գրաւիչ էին անոնք մժեղներուն համար:
Սակայն ուսումնասիրութիւնը եզրակացուց. «Աւելի մեծ մանրէաբանական բազմազանութիւն ունեցող անհատները աւելի քիչ գրաւիչ են մժեղներուն համար եւ, հետեւաբար, կրնան աւելի քիչ խայթոցներ ստանալ»:
Մեր մորթի պաքթերիական բաղադրութեան վրայ կ՛ազդեն մեր ծիները, տարիքը եւ դիմադրողական համակարգը, որոնց վերաբերեալ մենք իրականութեան մէջ շատ բան չենք կրնար ընել: Բայց այն արտադրութիւնները, զորս կ՛օգտագործենք զայն մաքրելու եւ խոնաւցնելու համար, կրնան նաեւ ազդեցութիւն ունենալ, այնպէս որ, թերեւս պէտք է խուսափիլ հակապաքթերիական օճառներէ (անոնք կրնան սպաննել օգտաւէտ պաքթերիաները), եթէ կ՛ուզէք զերծ մնալ միջատներու խայթոցներէ:
Ցնդող նիւթեր
Այս օգտակար մանրէները նոյնպէս կ՛ազդեն մեր արձակած քիմիական նիւթերուն վրայ: Քրտինքը, օրինակ, ամբողջովին հոտ չունի, այնքան ատեն որ պաքթերիաները չեն աշխատած անոր վրայ:
Մորթի այս բոլոր պաքթերիաները մեր քրտինքի եւ ճարպի միացութիւնները կը վերածեն ցնդող նիւթերու, որոնցմէ քանի մը հատը կը գրաւեն, իսկ որոշները կը վանեն մժեղները:
Եւ, ըստ վերը նշուած հետազօտութեան, մորթի որոշ պաքթերիական բաղադրութիւններ կը ձգեն այնպիսի նիւթեր, որոնք մարդիկը աւելի քիչ գրաւիչ կը դարձնեն մժեղներուն համար եւ այդպիսով կը գործեն որպէս ներկառուցուած պաշտպանական համակարգ:
Դժբախտաբար տակաւին չենք ճշդած, թէ ինչպէ՛ս կարելի է բարեփոխել մորթի պաքթերիական բաղադրութիւնը` օգտագործելու համար այս ազդեցութիւնները, սակայն հետազօտութեան հեղինակները կը կարծեն, թէ իրենց բացայայտումները կրնան որոշ ցուցումներ տալ:
«Մորթի մանրէներու զանգուածներու եւ մժեղներու գրաւչութեան միջեւ կապի յայտնաբերումը կրնայ յանգիլ մժեղներու գրաւիչ նոր միջոցներու եւ անհատականացուած մեթոտներու` մալարիայի եւ այլ վարակիչ հիւանդութիւններու փոխանցողներէն պաշտպանուելու համար», կը նշեն անոնք:
Ճարպերու պարագային, ուսումնասիրութիւն մը կ՛ենթադրէ, որ երկու յագեցած (saturated) ճարպային ալտեհիտներ` տեքանալը եւ անտեքանալը, հոտաւէտ նիւթեր են, որոնք կը գրաւեն մժեղները: Ճարպի բաղադրութիւնը եւ երկար շղթայական ալտեհիտներու մակարդակները տարբեր են մարդոց միջեւ: Ասիկա կրնա՞յ եւս մէկ պատճառ ըլլալ ընտրովի մարդիկ խայթելու համար:
Արեան խմբաւորում
Աւելի քան մէկ հետազօտութիւն հետաքննած է արեան խմբաւորման ազդեցութիւնը` խայթելու պարագային: Լաւ լուր է այդ մէկը արեան Ա խմբաւորում ունեցողներուն համար. մժեղները կարծես թէ զանոնք աւելի քիչ գրաւիչ կը համարեն, բայց ոչ այնքան լաւ` արեան Օ խմբաւորում ունեցող մարդոց համար:
Արեան այս խմբաւորումը ունեցող մարդիկ կը համարուին գրեթէ կրկնապէս աւելի շատ «համեղ կերակուր» մժեղներուն համար, քան` Ա խմբաւորում ունեցողները:
Այնուամենայնիւ, կայ որոշակի փոխհատուցում արեան O խմբաւորում ունեցողներուն համար: Եթէ ձեզ խայթած մժեղը կը կրէ մալարիայի մակաբոյծը, ապա O խումբի մարդիկ շատ աւելի քիչ հաւանական է, որ հիւանդանան ծանր մալարիայով, քան` արեան այլ խմբաւորումներ ունեցող մարդիկ:
Ճի՞շդ է, որ ոմանք չեն խայթուիր
Ուրիշ տեսութիւն մըն ալ այն է, որ բոլորը կը խայթուին, բայց որոշ մարդիկ պարզապէս չեն կրնար նկատել խայթոցները, որովհետեւ չեն հակազդեր անոնց:
Եթէ քերուըտուք կամ ուռեցք չունենան, թերեւս անոնք պարզապէս ենթադրեն, որ չեն խայթուած:
Դոկտոր Քուպչանտանի համաձայնեցաւ, որ այս տեսութեան մէջ իրականութիւն մը կրնայ ըլլալ. «Ասիկա մասամբ կախում ունի խայթող մժեղին տեսակէն, մեր դիմադրողական համակարգէն եւ մեր անհատականութենէն ու վարքագիծէն»:
Խուսափիլ խայթոցներէն
Այսպիսով, եթէ դուք այն մարդոցմէ էք, որոնց մժեղները կը սիրեն «ճաշակել», գիտնականները դեռ չեն կրնար յստակօրէն ըսել, թէ ինչո՛ւ: Հաւանաբար դուք աւելի շատ CO2, ջերմութիւն կամ կաթնաթթու կ՛արտադրէք, արեան O խմբաւորում ունիք կամ «սխալ» տեսակի պաքթերիաներ կան ձեր մորթին վրայ:
Բայց մի՛ ընդունիր միայն այս ճակատագիրը: Կան միջոցներ, որոնց կրնանք ձեռնարկել` մժեղներու խայթոցներէն պաշտպանուելու համար:
Միջոցներէն մէկը կրնայ ըլլալ բաց գոյնի հագուստ հագուիլը, որովհետեւ որոշ ուսումնասիրութիւններ կ՛ենթադրեն, որ մժեղներուն համար գրաւիչ են գոց գոյները: Բաց կանաչն ու կապոյտը կրնան լաւագոյնը ըլլալ. 1902 թուականին ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, որ նարնջագոյնն ու դեղինը կը վանեն միջատները:
Մորթի վրայ օգտագործեցէք միջատները վանող միջոցներ, անոնցմէ բնականները, ինչպիսիք են կիտրոնելլան (citronella), կիտրոնախոտը (lemongrass) եւ անանուխը. ասոնք կրնան արդիւնաւէտ ըլլալ:
Հաւանաբար պէտք է խուսափիլ գարեջուրէն: Փոքր ուսումնասիրութիւն մը պարզեց, որ մարդիկ, որոնք գարեջուր կը խմեն, շատ աւելի գրաւիչ են մժեղներուն համար:
Եթէ ունիք պարտէզ, վստահ եղէք, որ անիկա զերծ ըլլայ կանգնած ջուրէն, ուր մժեղները կրնան բազմանալ:
Հետեւեցէք նաեւ ձեր պարտէզի տունկերուն. ուժեղ բուրմունք ունեցող բոյսերը, ինչպիսիք են` ռեհանը, նարդոսը, կիտրոնի ուրցը եւ նարկիզը, կրնան մեզի համար հաճելի հոտ ունենալ, սակայն մժեղները հեռու կը մնան անոնցմէ:
Եւ եթէ այս բոլորը արդիւնք չտան, նստեցէք մէկու մը մօտ, որ ձեզմէ աւելի մեծ մագնիսականութիւն ունի:
Աղբիւր` «Medical News Today»


