Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստղահոյլ Մը` Մարդկայնութեամբ Յորդուն

Օգոստոս 20, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տիկին Կիւլէն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեանի
Յիշատակին

ՄՈՍԻԿ ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ

«Ըմբոստ երգ մ՛էր ոսկի մուրճով երգուած`
Որուն Աստուած երկընքին մէջ կ՛ունկընդրէր:
Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց»

Դանիէլ Վարուժան

Պատերազմներու միջեւ, խաբուսիկ խաղաղութեան լուսանցքներուն մէջ, քանի մը հայեր` յանդուգն մարդիկ իրենց տեսակին մէջ, հիմը դրին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին: Այդ օրերուն աներեւակայելի իրագործում էր Համազգայինի այս վիթխարի ծրագիրը, այն ալ` այնպիսի ծրագիր, որ սովորաբար պետական նախաձեռնութիւն եւ զօրակցութիւն կը պահանջէ` նիւթական եւ բարոյական իմաստով…

***

Տակաւին առանց պատուհաններու, առանց ելեկտրականութեան, չոր պատերու մէջ, կիսաւարտ սենեակներու ու սրահի մը մէջ, այդ ամբողջ դժուարութիւնը նաեւ իր ուսերուն միաձուլած, ծայրայեղօրէն հարազատ ժպիտով, անկրկնելի խաղաղութեամբ եւ հաւատքով, միաժամանակ հրաբխային խանդավառութեամբ ու վարակիչ աշխուժութեամբ երիտասարդ կին մը` Կիւլէն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեան սկսաւ դասաւանդել արձանագործութիւն, իսկ եղբայրը` Յարութիւն Թորոսեան` գեղանկարչութիւն…

***

… Տակաւին գոյութիւն չունեցող սեղաններու ետին, առանց գործիքներու եւ առանց հում նիւթերու:

Բայց էականը կար… ամբողջ հմտութեամբ ու զգացողութեամբ:

Ակնթարթի մը մէջ միջնադար կը թուէր վայրը…

Իսկ քանի մը ակնթարթ ետք այս ամբողջը կը վերածուէր վերածնունդի:

Այո՛, քանի մը ակնթարթ…

Եւ իր մէջ մտքերը յանդգնեցան գաղափարներ ձուլել ապրող իրականութեան հետ`

Լոյսերու մէջ սերմեր ցանելու արուեստով

Եւ խաւարին մէջ ճառագայթներ կամրջելով:

Տիկին Կիւլէն յարատեւ եւ հիմնական սիւներէն մէկը եղաւ այս հաստատութեան մէջ մինչեւ վերջ: Իսկապէս անկարելի պայմաններու մէջ տուաւ առաւելագոյնը` հակառակ դժուարութիւններու զարգացումներու զուգահեռ:

Եւ այսպէս, այդ տարիներուն Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիան իր մակարդակով չէր զիջեր լիբանանեան որեւէ ակադեմիայի:

***

Հեքիաթային դասատու,

Հեքիաթային ժպիտով ու կախարդական ժպիտով`

Ոչ միայն քանդակել կ՛ուսուցանէր,

Այլ նաեւ մարդուն մէջ մարդը կը քանդակէր

Եւ նոյն այդ մտածելակերտ հմտութեամբ

Քարը, կաւը, մետաղը, մէկ խօսքով նիւթը կը մարդացնէր

Մարդկութեան խոր ըմբռնումով եւ փնտռտուքով…

***

 

Տիկին Կիւլէն, այո՛, արձանագործ էր, արուեստագէտ էր, բայց նաեւ անկրկնելի տաղանդով օժտուած դասատու-դասախօս էր` մարդկային արժէքներով յորդուն: Միաժամանակ իր աշակերտներուն հետ մերթ քրոջ պէս, մերթ բարեկամի եւ նոյնիսկ` մօր…

Բազմերանգ երանգապնակի պէս հարուստ են իր էութիւնը եւ հոգին` օժտուած մարդկային կարողութիւններով:

Այս բոլորը միատեղ գտնելը հազուադէպ երեւոյթ է, մանաւանդ` այս դարուն եւ Միջին Արեւելքի այս տարածաշրջաններուն մէջ:

***

Աւելի քան 34 տարի վայելած եմ իր հաճելի եւ բովանդակալից զրոյցները` արուեստի աշխարհէն մինչեւ արուեստի համամարդկային զանազան նիւթերու շուրջ, միշտ յատուկ զգայնութեամբ եւ բացառիկ հաղորդականութեամբ ջերմացած:

Մեր առաջին զրոյցներէն մէկուն ընթացքին իր բազմաոճ ժպիտներուն ընդմէջէն յիշեց ֆրանսացի Հանրի Էսթիենի հռչակաւոր խօսքը.  «Եթէ երիտասարդութիւնը գիտնար եւ ծերութիւնը կարենար»:

Ես տակաւին 18 տարեկան չկայի, երբ մեծ տառերով այս տողը քանդակեց արուեստի կեանքիս առաջին աստիճանին վրայ:

Եւ ինք հեռացաւ կեանքէն այս տողերու հաւասարակշռութեան մէջ…

Գիտէր եւ կրնար…

Իր բարձունքին վրայ անզուգական ժպիտով եւ հիացումով տիեզերքը ըմբոշխնելով:

***

Այս բոլորը յետմահու գովերգութիւն չեն:

Սովորաբար մարդոց մահէն ետք կը բազմապատկուին արժէքները, եւ խոշորացոյցով կը դիտուին կարողութիւնները:

Ինք այսպէս էր եւ աւելի՛ն:

***

Այսօրուան պէս կը յիշեմ «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի առաջին օրերը, ուր աշակերտած եմ եւ աւարտած` իբրեւ արձանագործ:

Անմոռանալի օրեր էին:

Իր նկատողութիւններն անգամ ուսուցման ժամանակ ժպիտով կը դրսեւորէր? անկասկած իր այս մօտեցումով շատ աւելի շինիչ եւ անջնջելի կ՛ընկալուէր ուսանողին կողմէ:

Արժեւորելու եւ արժանիքին վայելքը ապրելու իր հաղորդականութիւնը բնական մասն էր իր ապրելաոճին:

***

Ինչպէս իտալացի երգիչը կ՛ըսէ`

«Բոլոր երգերը կը պատմեն պատմութիւն մը, բայց անոնցմէ միայն ոմանք կը մնան պատմութեան մէջ»:

Իրաւի, խոր յարգանքով կը դիտեմ լիբանանեան եւ լիբանանահայ պատմութեան մէջ իր իւրայատուկ տեղը կերտած ուսուցիչը:

Արձանագործութեան առաջին ուսուցիչս:

Շատերուն ուսուցիչը:

Տաղանդաւոր ուսուցիչը:

Ան գիտէր զանազան մակարդակներէ վեր բարձրացնել իր աշակերտը.

Առաջին աստիճաններէն` ամէնէն բարձրերը:

***

Կան արձանագործութենէն անդին սկսող զգայնութիւններ, որոնք բանաստեղծական վայելքի մակարդակ մը կը շրջանցեն եւ կ՛առաջնորդեն արուեստի իրական հորիզոններ:

Ան գիտէր մերթ ընդ մերթ հիւրընկալել այդ հորիզոնները, որոնց լոյսը տարբեր խորհուրդ մը կու տայ կեանքին ու արուեստին:

Ի վերջոյ կեանքի եւ փոթորկախառն արուեստագէտի ներաշխարհին նաւահանգիստը կը մնայ միշտ բանաստեղծութիւնը եւ բանաստեղծականութիւնը.

Իր թրթռուն եւ փսփսացող ջերմութեամբ…

Եւ եթէ կարենանք զայն առօրեային շաղախել

Մեր շնչառութեան հետ, թափանցիկ եւ անտեսանելի

Ուրուականի նման եւ ստուերի պէս անբաժան:

***

Ամէն մէկ զրոյց իրեն հետ` թռչող քանդակ մըն էր մարդկային:

Արուեստի զգայուն թրթիռներով բաժնեկցելու մեծ տաղանդով կ՛արժեւորէր կեանքի զանազան պահեր:

Ի վերջոյ արժէքներն են, որոնք անմահ են:

Ճանապարհիդ աստղերը մարդկայնութեամբ ճառագայթող տարբեր փայլք մը ունին` կրկին մեզ վերադարձող:

Կեանքէն դէպի մահ կամրջումով է, որ ժամանակը կը դադրի դադրելէ:

Եւ արուեստը խառնուած զգայնութեան ծփացող շնչառութեան`

Անհունին մէջ կը տրոփէ գեղեցկօրէն,

Անժամկէտ, անդադրում…

Ճանապարհդ բարի…

24 յուլիս 2022

Նախորդը

Յակոբ Աբրահամեանին` Արժէքաւոր Հայու Մը Մահուան Առիթով*

Յաջորդը

Շքանշանի Տուչութիւն Յակոբ Խաչերեանին` Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ (15 Մայիս 2025)
Անդրադարձ

Շնորհահանդէս՝ Երեքշաբթի 20 Մայիսին. «Լիբանանահայ Թատրոնը (1920-2020)» (Հեղինակ` Յարութ Գնդունի)

Մայիս 16, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Յիշելով Օլիվըր Նորթը Եւ «Խունթա»-ները

Մայիս 16, 2025
Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան
Անդրադարձ

Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին Մէջ

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?