Ազրպէյճանի զինուորները Իրանի մէջ կը մասնակցին դիպուկահարներու մրցումի: Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ անոնք փորձառական կրակոցը յաջողութեամբ կատարած են:
Իրանի զինեալ ուժերու մասնագէտներու խումբը, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կազմակերպչական աջակցութեամբ այցելած է Թարթառի եւ Բարդայի շրջաններ: Անոնց հետ են նաեւ Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատան աշխատակիցներ:
Իրանեան պատուիրակութեան Ազրպէյճան այցելութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 20 օգոստոս:


