Գերմանիոյ վարչապետի գրասենեակը Պաղեստինի ներկայացուցիչը կանչած է` երեքշաբթի օր Պերլինի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի` Ողջակիզումի մասին կատարած յայտարարութիւններուն պատճառով: Այս մասին չորեքշաբթի Պերլինի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Գերմանիոյ նախարարաց խորհուրդի բանբեր Շթեֆեն Հեպեշթրէյթը:
«Դաշնակցային վարչապետը վրդոված եւ ապշած է Ապպասի խօսքերէն, սակայն Ողջակիզումի յարաբերականացումը անոր աւելի քան 6 միլիոն զոհերով ամբողջովին անընդունելի է: Դաշնակցային վարչապետի գրասենեակը այսօր առաւօտեան կանչած է Պերլինի մէջ պաղեստինեան առաքելութեան ղեկավարը», կ՛ըսէ Հեպեշթրէյթ:
«Վարչապետը կ՛ակնկալէ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավարը առանց վերապահումներու ճանչնայ Ողջակիզումի միակը ըլլալու բնոյթը», ըսած է Գերմանիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչը:
Բացի ատկէ, Գերմանիոյ նախարարաց խորհուրդի բանբերին համաձայն, Ապպասի յայտարարութիւնները ստուեր կը ձգէ Գերմանիոյ եւ Պաղեստինի յարաբերութիւններուն վրայ:
Ապպաս երեքշաբթի Պերլինի մէջ բանակցութիւններ վարած էր Շոլցի հետ: Ըստ իսրայէլեան «Քան» պետական ձայնասփիւռի կայանին, Ապպաս ըսած է, որ 20-րդ դարու կէսերէն ի վեր Իսրայէլ «50 ջարդ կատարած է պաղեստինեան 50 գիւղերու մէջ, 50 ողջակիզում»:
Պաղեստինի նախագահը Գերմանիոյ վարչապետին փոխանցած է պաղեստինեան տարածքներ այցելելու հրաւէր եւ Գերմանիոյ շնորհակալութիւն յայտնած` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերու հիմամբ պաղեստինեան հարցի արդարացի լուծման աջակցելուն համար:


