Իրան պատրաստ է բաւարարելու շրջանի դէպի ծով ելք չունեցող 8 երկիրներու տարանցիկ կարիքները: Այս մասին յայտարարած է Իրանի ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Ռոսթամ Ղամեմի` Թուրքմենիստանի մէջ դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու փոխադրամիջոցային համախմբումի ընթացքին:
«Աշխարհի 32 զարգացող երկիրներու քառորդ մասը, որ դէպի ծով ելք չունի, այսինքն` 8 երկիրներ` Աֆղանիստանը, Հայաստանը, Ազրպէյճանը, Ղազախստանը, Խըրխըզիստանը, Տաճիկիստանը, Թուրքմենիստանը եւ Ուզպեքիստանը, Իրանի հետ սերտ երկկողմանի ու բազմակողմ տարանցիկ համագործակցութիւն ունին», նշած է ան:
Ըստ անոր, ատիկա կը նշանակէ, որ Իրանը եւ շրջանի այլ երկիրներ կ՛օգնեն դէպի ծով ելք չունեցող երկիրներուն` կրճատել առեւտուրի ծախսերն ու դիւրացնել համաշխարհային շուկայ մուտքը:


