ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1342 վարակուածներ եւ մահացած է 4 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 32.200 լ. ոսկիի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 16.000 լ. ոսկիով, մազութը` 26.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 9000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 568.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 580.000 լ. ոսկի, մազութը` 663.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 321.000 լ. ոսկի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ պատերազմը սանձազերծողը իսրայէլացին է, որ միայն ուժի լեզուն կը հասկնայ, եւ ատիկա ի յայտ կու գայ անպարկեշտ ամերիկացի միջնորդին տուած անոր պատասխանէն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը պաշտպանեց Լիբանանը եւ հարաւային Լիբանանի մէջ երկրին գերիշխանութեան հարցը լուծեց` լիբանանեան պետութեան շահերուն համաձայն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հասան Մըրատ կոչ ուղղեց կառավարութեան Ապահովութեան խորհուրդին մօտ բողոքելու` սիոնական ոտնձգութիւններուն դէմ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ իր համոզումներուն հիման վրայ երկխօսութիւն կը կատարէ` աւելցնելով, որ Ժոմպլաթ Մարտ 8-ի թեկնածուի մը կամ մարտահրաւէրներով սպառնացող թեկնածուի մը պիտի չզօրակցի` նախագահական ընտրութեան ընթացքին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր ատելութեան պատճառով լիբանանեան հասարակութիւնը կը մղէ բախումի: Ան հաստատեց, որ կարելի չէ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ քրիստոնեայ համայնքին նուազ քան 30 առ հարիւրին ժողովրդականութիւնը կը վայելէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի շրջուն ջոկատ մը հիւսիսային Պեքաայի Լապուէ-Քաա ճամբուն վրայ ենթարկուեցաւ կրակոցի, որուն պատճառով վիրաւորուեցաւ բանակային մը: Բանակին եւ յանցագործներուն միջեւ արձանագրուած կրակոցներուն պատճառով, բանակը շարունակեց յանցագործներուն հետապնդումը եւ ձերբակալեց երկուքը, որոնցմէ մէկը սուրիական ինքնութիւն ունէր:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ տիւրզի համայնքին ընտրանքն է արաբական եւ իսլամական պատկանելիութիւնը` ջրելով ֆրանսական եւ հրէական գաղութատիրական տեսութիւնները:
ՎՃՌԱԲԵԿ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ որոշեց Պասսամ Շէյխ Հիւսէյնը ազատ արձակել` փոխան երաշխաւորագիրի: Նշենք, որ «Ֆետերըլ» դրամատան իրաւաբանը չեղեալ նկատած է Շէյխ Հիւսէյնի դէմ յարուցած դատական հարցը: Ազատ արձակուելէ ետք Հիւսէյն յայտնեց, որ ինք իր գումարէն 35 հազար տոլար ստացած է եւ կը պահանջէ մնացեալ գումարը` նկատի ունենալով, որ անիկա 209 հազար տոլար էր: «Այլապէս նոյն միջոցներուն պիտի դիմեմ, առանց վարանելու», ըսաւ ան:


