Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Ղարաբաղ Ապրող Հայերը Ո՛չ Կարգավիճակ, Ո՛չ Անկախութիւն, Ո՛չ Յատուկ Արտօնութիւններ Պիտի Ունենան»

Օգոստոս 15, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ իրենք պէտք է վերադառնան Լաչին (Բերձոր), Չապուխ (Աղաւնոյ) եւ Սուս: Ան այս մասին ըսած է «ԱզԹի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Ես արդէն յանձնարարած եմ պետական կոմիտէին կապ հաստատել բնակիչներու հետ: Մենք շուտով զանոնք պիտի վերադարձնենք իրենց տուները», ըսած է ան:

Ալիեւ նշած է, որ Ազրպէյճանը հաւատարիմ է 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեամբ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւններուն, որոնց վրայ հիմնուած է Լաչինը (Բերձոր) շրջանցող նոր ճամբու կառուցումը եւ ձեռնարկուած այլ քայլերը:

«Հայաստանի մէջ պէտք է հասկնան, որ հոլովոյթի ձգձգումը իրենց ոչինչ պիտի տայ: Անոնք կը սխալին, եթէ կը կարծեն, որ մէկուկէս տարի ետք բան մը իրենց օգտին պիտի փոխուի: Որեւէ բան կրնայ փոխուիլ, սակայն մեր օգտին: Բոլորը կը տեսնեն շրջանին մէջ ու աշխարհի վրայ աշխարհաքաղաքական կացութիւնը: Այս ամէնը տեսնելու համար պէտք չէ ըլլալ մեծ քաղաքական գործիչ: Իր աճող զինուորական, տնտեսական եւ քաղաքական հզօրութեամբ Ազրպէյճանը յաղթեց Հայաստանին, որովհետեւ անոնք կը սխալին: Անոնք չեն հրաժարած Ազրպէյճանի նկատմամբ իրենց տարածքային յաւակնութիւններէն: Ես զանոնք պաշտօնապէս զգուշացուցած եմ հրաժարելու տարածքային պահանջներէն: Հակառակ պարագային մենք կրնանք նաեւ տարածքային պահանջներ ներկայացնել Հայաստանի դէմ», ըսած է Ալիեւ:

Ազրպէյճանի նախագահը յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ ղարաբաղեան հարց չկայ: «Նման փորձեր եղած են, սակայն ես երբեք չեմ համաձայնած ատոր: Հայաստանը ի՞նչ կապ ունի ատոր հետ: Ասիկա մեր ներքին գործն է: Այսօր բանակցութիւններու սեղանին վրայ որեւէ կարգավիճակի մասին խօսք չկայ», ըսած է Ալիեւ:

Անոր համաձայն, Ղարաբաղ ապրող հայերը պէտք է «ճիշդ քայլ» առնեն ու հասկնան, որ «իրենց ապագան կախեալ է միայն ազրպէյճանական հասարակութեան հետ համարկուելէն»:

«Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերը ո՛չ կարգավիճակ, ո՛չ անկախութիւն, ո՛չ յատուկ արտօնութիւններ պիտի ունենան. անոնք նոյնն են, ինչ որ Ազրպէյճանի մնացեալ բոլոր քաղաքացիները: Ազրպէյճանի քաղաքացիներուն իրաւունքները ինչպէս պաշտպանուած են, այնպէս ալ պաշտպանուած պիտի ըլլան անոնց իրաւունքները: Ինչպէս պաշտպանուած են Ազրպէյճանի մէջ ապրող ժողովուրդներուն իրաւունքները, այնպէս ալ անոնք պէտք է պաշտպանուած ըլլան: Ասիկա միակ ուղին է», յայտարարած է Ալիեւ:

Անդրադառնալով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն` ան աւելցուցած է. «Մենք պէտք է խաղաղ բանակցութիւններու սկսինք Հայաստանի հետ: Տակաւին դրական պատասխան չենք ստացած, սակայն յոյսով եմ, որ պիտի ըլլայ: Պէտք է ստեղծուի սահմանազատման յանձնախումբ: Անոնք ալ կ՛առարկէին, սակայն ի վերջոյ համաձայնեցան: «Զանգեզուրի միջանցքը պէտք է, սակայն սկիզբը դէմ էին: Այժմ` յառաջիկայ շաբաթներուն, անոնցմէ կը սպասենք Զանգեզուրի միջանցքի ճամբան»:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Ցաւակցութիւն Կը Յայտնեն Սիսիին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Ցաւակցի

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?