Եգիպտոսի Կիզա նահանգի ղպտի համայնքի Ս. Ապու Սայֆէյն եկեղեցւոյ մէջ օդորակիչի մը ելեկտրական խանգարումին պատճառով յառաջացած էր հրդեհ մը, որուն պատճառով արձանագրուած էին 41 զոհեր եւ մեծ թիւով վիրաւորներ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ եգիպտացի իր պաշտօնակիցին` Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր Կիզայի մէջ արձանագրուած հրդեհին զոհերուն առիթով:
Նախագահ Աուն հեռաձայնային այլ հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Թէոդորոս Բ. պապին հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց, ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն ապաքինում մաղթեց:
Սիսի եւ Թէոդորոս Բ. պապ շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահ Աունին:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւակցագիր մը յղեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին` Կիզայի մէջ արձանագրուած հրդեհին խլած զոհերուն սուգին առիթով:
Պըրրի Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն անունով ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ եգիպտացիներուն, ապաքինում մաղթեց` վիրաւորներուն, ինչպէս նաեւ բարգաւաճում եւ կայունութիւն` Եգիպտոսին:
Պըրրի ցաւակցական հեռագիր մը յղեց նաեւ ղպտի եկեղեցւոյ Թէոդորոս Բ. պապին:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին ցաւակցագիր մը յղեց նախագահ Սիսիին` մաղթելով վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինումը:
Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի հետ` ցաւակցութիւն յայտնելով արձանագրուած զոհերուն սուգին առիթով:
Միքաթի ցաւակցական հեռագիր մը յղեց նաեւ ղպտի եկեղեցւոյ Թէոդորոս Բ. պապին:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որով ցաւակցութիւն կը յայտնէ եգիպտացի ժողովուրդին եւ ղպտի եկեղեցւոյ, զոհերուն ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն: